ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Սամցխէ-Չաւախքի եւ Չինաստանի Հունպէյ նահանգի ղեկավարութեան փոխայցելութիւնը տուած է իր առաջին պտուղը, եւ Ախալցխա քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է չինական ապրանքներու առաջին երկու խանութներուն եւ շուտով անոնց թիւը պիտի աւելնայ:
Յառաջիկային Սամցխէ-Չաւախք պիտի այցելէ Հունպէյ նահանգի գործարար պատուիրակութիւնը: