Գերմանիոյ Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան, գերազանց ելոյթ մը ունենալով յենացատկի մրցումներու աւարտականին` հանդիսացաւ ախոյեան:
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի յառաջատարը ապահովեց 15.133 կէտեր:
Դաւթեանէն առաջ Գագիկ Խաչիկեան նժոյգի մարզաձեւի մրցումներուն գրաւած էր երկրորդ դիրքը, մինչ օղակներու մրցումներուն Արթուր Աւետիսեան նոյնպէս հանդիսացած էր երրորդ:
Աշխարհի ախոյեանութեան անհատական մրցապայքարին համար վարկանշային են Աշխարհի բաժակի այս հանգրուանի մրցումները, որոնց ընթացքին մարզիկները կը ստանան Փարիզի ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը: