Փասատինայի աւանդապահ հայ գաղութը անմոռաց օրեր եւ հաւատքի վերանորոգման եզակի պահեր ապրեցաւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնակատարութեան ամբողջ շաբաթը։ Առաջաւորացի ծոմապահութեան եռօրեայ եւ հնգօրեայ օրերը ուխտաւոր հաւատացեալներ յաճախակի առիթներով այցելեցին եկեղեցի, մոմ ու խունկ վառեցին, Քրիստոսի կենարար Ս. մարմինով ու արիւնով հաղորդուեցան։ Տակաւին, շաբաթավերջին, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը ամբողջութեամբ եռուզերի մէջ էր, հովիւ, հոգաբարձութիւն, Տիկնանց միութիւն, սարկաւագներ ու դպրաց դաս, լաւագոյնս պատրաստուելու մեծ սուրբին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնին եւ մատաղի պատրաստութեան։
Կիրակի, 4 Փետրուարի առաւօտուն, եկեղեցւոյ շարականներու եւ աղօթքներու առինքնող կատարումը, մոմ ու խունկի բուրմունքը կարծէք իրենց կը քաշէին հաւատացեալներու հոգիները, որոնք հաւատքով առլցուն, խումբ-խումբ, ընտանիք առ ընտանիք, հաւատքի խոնարհումով ներս կը մտնէին եկեղեցիէն ու, իրենց տեղերը գրաւելով՝ կը մասնակցէին Ս. Պատարագի երգեցողութեան։
Ս. եւ անմահ Պատարագը կը մատուցանէր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, իսկ Ս. խորանին կը սպասարկէին միաբան հայրեր Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն քհնյ. Պապոշեան։ Պատարագին աղօթակից էր նաեւ թեմիս նախկին առաջնորդներէն Եփրեմ արք. Թապագեան։
Եկեղեցին խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր։ Քարոզի պահուն, առաջնորդ սրբազանը նախ փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, իր պարգեւած անթիւ ու անհամար շնորհքներուն, ինչպէս նաեւ Փասատինայի հայ գաղութին Ս. Սարգիսի անուամբ կնքուած եկեղեցի պարգեւելուն համար։ Ապա սրբազանը հայրը խօսեցաւ Ս. Սարգիս զօրավարի, անոր Մարտիրոս որդւոյն եւ 14 զինակիցներուն կեանքին ու քաջարի նահատակութեան մասին, վեր առնելով անոնց օրինակելի վարքը, չարին ո՛չ ըսելու իրենց յամառ պայքարն ու հաւատքը, եւ ճշմարտութեան ու ճշմարիտին՝ Քրիստոսի մասին վկայելու իրենց քաջարի կեցուածքը։ Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի զաւակներու ու յատկապէս երիտասարդներու կապուածութեան Ս. Սարգիս զօրավարին, որովհետեւ Ս. Սարգիս խնդրակատար եւ արագահաս սուրբ է, «հաւատացեալներու շրթներուն անուշ պտուղ եւ գիշեր ու ցերեկ յոյսով կանչուած» սուրբ է, նշեց սրբազան հայրը։ Ուստի, կոչ ուղղեց հետեւելու Ս. Սարգիսի կեանքի օրինակին, անվախօրէն դիմադարձելու եւ ո՛չ ըսելու մեր կեանքին դիմաց ցցուող ամէն տեսակի դժուարութեանց, չարին խաբկանքներուն եւ փորձութեանց, սուրբերուն օրինակով անխախտ մնալու մեր հաւատքին մէջ եւ հաւատքի պատերազմը անդուլ կերպով պատերազմելու։ «Ս. Սարգիս զօրավարի վարքն ու օրինակը թող կենդանի պատգամ դառնան բոլորիս համար», եզրակացուց առաջնորդ սրբազանը։
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պահուն, առաջնորդ սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը, աղօթքին մէջ խնդրելով, որ այս մատաղին մէջէն Ս. Հոգին ի՛նք սրբէ բոլորիս մեղքերը, բժշկութիւն պարգեւէ բոլոր հաւատացեալներու ցաւերուն, եւ լուսաւորէ մեր հանգուցեալ հարազատներուն հոգիները։
Մատաղօրհնէքի աւարտին, թափօրը յառաջացաւ եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր հաւատացեալները մեծ խանդավառութեամբ եւ յուզումնախառն արցունքով միաբերան երգեցին «Կիլիկիա»ն, «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը եւ ազգային օրհներգը՝ «Մեր հայրենիք»։ Առաջնորդ սրբազանը օրհնեց ներկաները, բոլորին ուխտը կատար մաղթեց, որմէ ետք, եկեղեցիէն մեկնած ժամանակ, հաւատացեալներ ստացան մասն ու մատաղը եւ հոգելից ապրումներով վերադարձան իրենց տուները։
ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
Նոյն օրը, կէսօրին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յետսամասի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանին, մասնակցութեամբ հոգեւորականներուն, հոգաբարձական եւ տիկնանց կազմերուն, սարկաւագաց եւ դպրաց անդամներուն, եկեղեցւոյս գլխաւոր բարերար Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններուն եւ անոնց հարազատներուն, եւ եկեղեցւոյս յարակից մարմիններուն ու բարեկամներուն։
Ճաշի ընթացքին շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան ատենապետը, Տիկնանցի ատենապետուհին, Ազգային վարչութեան անցեալի եւ ներկայի անդամներ եւ եկեղեցւոյս գլխաւոր բարերարը։ Օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, եւ մաղթեց, որ յաջորդ տարի Ս. Սարգիսի եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօներէն առաջ եկեղեցին օժտուի հայկական գմբէթով եւ զանգակատունով։ Սրբազան հօր «Պահպանի»չով վերջ գտաւ հոգեթով եւ հոգելից ամբողջ շաբթուան արարողութիւնները։
Պ.Վ.Կ.