ՕԹԹԱՈՒԱ.- Փետրուար 5-6, Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի հրէական կազմակերպութիւններու երկամեայ դրութեամբ կայացող քաղաքական համագումարը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Արիս Պապիկեան: Համագումարին կը մասնակցէին Քանատայի մէջ հրէական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլէն ժամանած յատուկ պատուիրակութիւն մը, հանրային ապահովութեան նախարար Աւի Տիխթըրի գլխաւորութեամբ:
Համագումարի գլխաւոր թեման էր «Ժողովրդավարութեան զարգացումը»: Փետրուար 6ի առաւօտեան նիստին հրաւիրեալ բանախօսներէն էր Արիս Պապիկեան, որ ներկայացուց համաքանատական գետնի վրայ Հայ Դատի Յանձնախումբի քաղաքական փորձառութիւնը եւ յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով քարոզչական ուղին: Բանախօսութեան աւարտին, երկու թուրք ներկաներ փորձեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ առնել, սակայն հանդիպեցան հրեայ ներկաներու եւ հանդիսավարին բուռն ընդվզումին:
Նոյն օրուան երեկոյեան, Westin պանդոկին մէջ կայացաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն անձամբ ներկայ գտնուեցան Քանատայի վարչապետ Հարփըր, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները եւ մեծ թիւով պետական դէմքեր, ինչպէս նաեւ Արիս Պապիկեան եւ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ժան Մկրտիչեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին, Արիս Պապիկեան առիթ ունեցաւ նաեւ զրուցելու Աւի Տիխթըրի հետ, անոր ուշադրութեան յանձնելով Հայկական Ցեղասպանութեան գծով հրէական կառավարութեան հետեւողական ուրացման քաղաքականութիւնը: Նախարար Տիխթըր հաւաստիացուց, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը այդպիսի պաշտօնական դիրքորոշում չունի: Ան վստահեցուց, թէ Իսրայէլի մէջ մօտէն պիտի հետեւի այս հարցին: