ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցնող Կիրակի օր, Հ.Ե.Դ.ի մէկուկէս տասնեակ անդամներ ներկայ գտնուեցան Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ նոր փոխհիւպատոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութիւն-դասախօսութեան մը, որու ընթացքին իրենց հարցումներով եւ դիպուկ մատնանշումներով նեղ կացութեան մատնեցին թուրք դիւանագէտը:
Հանդիպումը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի World Affairs Council-ի Երիտասարդական ընկերակիցներուն կողմէ, ի պատիւ թուրք փոխհիւպատոս Անիլ Պորա Ինանի: Թուրք դիւանագէտը հրաւիրուած էր սուրճի սեղաններու շուրջ հանդիպումի մը, խօսելու համար Թուրքիոյ Եւրոպական միութիւն մուտքին մասին:
Ներկայ 30 անձերէն 14ը Հ.Ե.Դ.ի անդամներ էին:
Անիլ Պորա Ինան նախ խօսեցաւ Թուրքիոյ անցեալին մասին ու ապա անցաւ Եւրոպական միութեան առնչուող հարցերուն, երբեմն նշելով հայկական Սփիւռքը ու անոր դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ Թուրքիոյ անդամակցութեան դիմաց հիմնական խոչընդոտներ:
Հարցուպատասխանի ընթացքին, Հ.Ե.Դ.ի անդամները հարցումներու տարափ մը տեղացուցին Ինանի վրայ՝ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց կացութեան, փոքրամասնութիւններու նկատմամբ վարուող պետական քաղաքականութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման:
Երբ հարցում կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան մասին, Ինան բազմիցս ուրացաւ այդ փաստը, շեշտելով թէ տեղի ունեցածը միայն ջարդ ու տեղահանութիւն էր՝ իբրեւ հետեւանք արդիւնք Ա. համաշխարհային պատերազմին:
Հարցումներու մէկ մասը կը վերաբերէին նաեւ ֆրանսական նոր քուէարկուած օրինագիծին: Այս մասին Ինան իր ընդդիմութիւնը յայտնեց, զայն կոչելով «ֆրանսական սխալ» եւ ներկաներուն վստահեցուց, որ օրինագիծը երբեք խորհրդարանի մակարդակէն անդին պիտի չանցնի: Ան նաեւ ուրացաւ, որ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերը զրկուած են իրենց քաղաքացիական իրաւունքներէն:
Աւարտին, Հ.Ե.Դ.ի անդամները թուրք փոխհիւպատոսին յանձնեցին օրինակ մը Պոլսոյ մէջ 1913-1916 տարիներուն ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկընթաուի «Ambassador Morgenthau’s Story» գիրքէն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստագրումի տիպական օրինակ մըն է:
Իր խօսքին մէջ, փոխհիւպատոս Ինան ըսաւ, թէ 2004ին Լոս Անճելըս գալով, իր հիմնական պատասխանատուութիւններէն մէկն է մօտէն հետեւիլ տեղւոյն ամերիկահայութեան գործունէութեան: Ան շեշտեց, թէ ինք մօտէն կը հետեւի հայկական կազմակերպութիւններու եւ հայ անհատներու հասարակաան գործունէութեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հակաթուրք աշխատանքներուն: Ան այս ձեւով եւ անուղղակիօրէն ընդգծեց քալիֆորնիահայութեան աշխուժութիւնը Հայ Դատը առաջ մղելու իմաստով:
Նախ քան Լոս Անճելըս գալը, Ինան պաշտօնավարած է Սուրիոյ թրքական դեսպանատան մէջ, իբրեւ պատասխանատու երկկողմանի քաղաքական, զինուորական եւ մշակութային կապերուն: 2002-2004 տարիներուն, ան պաշտօնավարած է իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս, իբրեւ փոխնախարարի օգնական: