Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդը, յանձինս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի զոյգ առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սերաբիոն եպիսկոպոսի եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսի, Երկուշաբթի, 5 Փետրուար 2007ին, հիւրընկալութեամբ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, իր հերթական ժողովը գումարեց։
Առաւօտեան ժամը 11ին, եկեղեցական կարճ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի իր եկեղեցականներու մասնակցութեամբ, իր ժամակարգին ու եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Աստուծոյ յատուկ աղօթք եւ օրհնութիւն վերառաքեց։
Ապա, առաջնորդ սրբազան հայրերը, ընկերակցութեամբ իրենց ընկերակից եկեղեցականներուն՝ ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսաց ժողովը։ Բացման աղօթքէն ետք, ժողովը մէկ տարուան համար, միաձայնութեամբ ատենապետ վերընտրեց Սերաբիոն եպիսկոպոսը։ Անցնելով օրակարգին, ժողովը քննարկեց յառաջիկայ միատեղ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու կարելիութիւնները։ Ժողովը, լսելէ ետք Ուղղափառ եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ երիտասարդաց յանձնաժողովներու զեկոյցները, որոշեց.
Ա.- Յառաջիկայ Մարտ ամսուան Շաբաթ, 24 Մարտ 2007ին, Իկըլ Ռաք շրջանի Ղպտի Ուղղափառ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 9էն յետմիջօրէի ժամը 5 Ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդաց միօրեայ դաստիարակչական եւ հոգեւոր բնոյթի հաւաք մը կազմակերպել, մասնակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու եւ երիտասարդաց վարիչներու։
Բ.- Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ Հինգշաբթի, 12 Ապրիլ 2007, առաւօտեան ժամը 10ին, Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու համատեղ Ս. Պատարագ մատուցել, մասնակցութեամբ եկեղեցականաց դասուն, կազմակերպել հոգեւոր լսարան, ապա տեղի ունենայ հաւաքական ճաշ, հիւրընկալութեամբ մեր թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութեան։
Գ.- Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանին մէջ Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2007, առաւօտեան ժամը 9:30էն յետմիջօրէի ժամը 2, միջ-կիրակնօրեայ դպրոցներու 9-15 տարեկան աշակերտներու մասնակցութեամբ եւ երգեցողութեամբ Ս. Պատարագ եւ աշակերտական միօրեայ դաստիարակչական հաւաք։
Յիշենք նաեւ, որ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդի գործունէութիւններէն եւ տարուած աշխատանքներէն էին անցեալ Մայիսին կայացած առաջնորդներու համատեղ Ս. Պատարագը եւ եկեղեցականաց միօրեայ համագումարը, ինչպէս նաեւ միջ-կիրակնօրեայ դպրոցներու Ս. Գրային գիտելիքներու մրցոյթը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Մայիսին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ, հիւրընկալութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան։
Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակը, երիտասարդաց եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ յանձնախումբերը, հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, արդէն իսկ ծրագրումի նախնական աշխատանքներու ձեռնարկած են, լաւագոյնս մասնակցելու Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջ-երիտասարդաց եւ միջ-կիրակնօրեայ վարժարաններու միօրեայ դաստիարակչական հոգեւոր հաւաքներուն։
Հաւաքական սիրոյ ճաշի ընթացքին, տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց առաջնորդներու եւ եկեղեցականներու միջեւ, որոնք ընդհանրապէս անդրադարձան եւ խորհրդակցեցան այժմէական ընթացիկ հարցերու, ինչպէս նաեւ Առաքելական ուղղափառ եկեղեցիները յուզող խնդիրներու՝ վարչական, կրօնադաստիարակչական, պատանեաց եւ երիտասարդական հարցերու շուրջ։
Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդի յաջորդ ժողովը, հիւրընկալութեամբ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսի, տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2007ին, Ասորիներու Ս. Եփրեմ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Մ.Ծ.Վ.Ա.