ՄԻՆԹՐԷԱԼ.- «Մեր ազգային բոլոր տօներուն գերագոյն տօնն է Սրբոց Թարգմանչաց»ը, ըսաւ Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, իր քարոզի ընթացքին, Մոնթրէալի մէջ: Արդարեւ, Հոկտեմբեր 15ին, հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի Է. եւ Ը. կարգերու աշակերտութիւնը։
Թարգմանիչ վարդապետներուն նուիրական օրուան առթիւ, թեմի Ազգային առաջնորդարանը յայտարարեց, թէ հաստատած է «Հայ ուսուցիչի օր» եւ «Անանիա Շիրակացի» ազգային-մշակութային ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրեց կրթական մշակներ Խորէն Մղտեսեանը, Պերճ Ս. Մոմճեանը եւ Սարգիս Պալեանը։ Այս երեք կրթական մշակներուն առաջնորդ սրբազանը յայտնեց իր խորին շնորհակալութիւնները՝ հայ մշակոյթի եւ կրթութեան մարզերէն ներս իրենց անսակարկ ու անձնուէր ծառայութիւններուն համար։ Սրբազան հայրը պարգեւատրեալները դրուատեց ըսելով. «Հայութիւնն ու Հայ եկեղեցին ծաղկուն մնացած են շնորհիւ ձեզի նման ազգանուէր անձնաւորութիւններու իմաստուն եւ նուիրեալ հոգածութեան»։