ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հակիրճ ձեւով ներկայացուցէք իրաքահայ գաղութի կազմութեան պատմութիւնը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Միջագետքը )ներկայ Իրաքը( եղած է Հայաստանի դրացի երկիրներէն մէկը։ Գտնուելով Հայաստանի հարաւը եւ Տիգրիս ու Եփրատ գետերու միջեւ, երկիրը դարերու ընթացքին ունեցած է վաճառականական սերտ կապեր հիւսիսի իր դրացիին հետ։ Հետեւաբար, հայեր, փոքրաթիւ համայնքներով, գտնուած են Իրաքի մէջ, տակաւին շատ կանուխ ժամանակներէն։ Մեր հասկացողութեամբ, Իրաքի մէջ հայկական համայնք գոյութիւն ունեցած է 17րդ դարէն սկսեալ։ Հայոց առաջին եկեղեցին կառուցուած է 1638-1640 թուականին եւ այսօր կը հանդիսանայ Պաղտատի հնագոյն եկեղեցին։ Իրաքի հայոց թեմը պատմութեան ընթացքին եւ քաղաքական վերիվայրումներու հետեւանքով ենթակայ եղած է Էջմիածնի կաթողիկոսութեան, ապա որոշ ժամանակ՝ Աղթամարի կաթողիկոսութեան, աւելի ուշ՝ Չուղայի, որմէ ետք վերջնականապէս կը կապուի Էջմիածնին։ Չուղայէն Պարսկաստան բերուած հայութենէն մաս մը Պաղտատ եւ Պասրա հաստատուած են եւ անկէ ետք է, որ կազմուած է իրաքահայ համայնքը։
Յիշեմ նաեւ, որ, բնականաբար, Մեծ Եղեռնէն ետք Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեծ թիւով հայեր նոյնպէս Իրաք ապաստանած են եւ միացած նախկիններուն ու կազմած՝ Իրաքի ներկայ համայնքը։
Հ.- Ի՞նչ է իրաքահայութեան թիւը այսօր:
Պ.- Այսօր իրաքահութիւնը կը հաշուէ մօտ 18 հազար անձ։
Հ.- Ո՞ր շրջաններուն մէջ հաստատուած է հայութիւնը:
Պ.- Հայեր գլխաւորապէս հաստատուած են Պաղտատ, ուր կը գտնուին առաջնորդարանն ու չորս եկեղեցիներ։ Հայեր կան նաեւ Պասրայի մէջ եւ ունին մէկ եկեղեցի, այլեւ Քէրքուքի մէջ՝ մէկ եկեղեցի, Մուսուլի մէջ՝ երկու եկեղեցի, որոնցմէ մէկը նորակառոյց էր եւ տակաւին չէր օծուած, երբ խափանարարները այրեցին եւ կողոպտեցին զայն։ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող Զախօ քաղաքին մէջ բաւական թիւով հայեր կան եւ ունին մէկ եկեղեցի, իսկ Զախոյի մօտակայքը կը գտնուի Աւզրուկ զուտ հայաբնակ գիւղը, որ ունի մէկ եկեղեցի։
Հայեր կ’ապրին նաեւ Սումէլի, Տահոքի եւ այլ վայրերու մէջ։ Երկրին մէջ տիրող կացութեան հետեւանքով, վերջերս տասնվեց հայ ընտանիքներ տեղափոխուեցան Զախոյի մօտերը գտնուող Հաւրէզք գիւղը, զայն վերակառուցելու միտումով։
Հ.- Քանի՞ վարժարան կը գործէ Պաղտատի մէջ եւ ներկայիս ի՞նչ է աշակերտութեան թիւը:
Պ.- Անցեալին, քանի մը տասնեակ տարիներու ընթացքին, Պաղտատի մէջ կը գործէր Ազգային մեծ վարժարան մը իր բոլոր բաժիններով, այսինքն՝ մինչեւ երկրորդականի կարգերը։ Այդ վարժարանը, սակայն, 1974ին պետականացուեցաւ, աւելի ուշ՝ միայն հայերէն լեզուի եւ կրօնի դասեր աւանդելու իրաւունք ստացաւ։ Վերջին պատերազմէն ետք յաջողեցանք վերստին ստանձնել մեր վարժարանը, որ երկու տարիէ ի վեր կը գործէ միայն նախակրթարանի բաժինով եւ ունի 172 աշակերտ։
Հ.- Զախոյի հայութիւնը ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ այսօր:
Պ.- Վերջին տարիներուն Զախոյի հայութեան վիճակը բարելաւման մէջ է։ Ան հեռու է Իրաքի միւս քաղաքներուն մէջ տիրող անապահով եւ վտանգաւոր կացութենէն։ Հոն կը գործեն թաղականութիւնը եւ քահանայ հայրը։
Հ.- Հայկական ո՞ր կազմակերպութիւնները կը գործեն այսօր Իրաքի մէջ:
Պ.- Պաղտատի մէջ կը գործեն Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը, Իրաքի Հայկական բարեգործական միութիւնը իր մարզական ակումբով, Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութիւնը եւ ի հարկէ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական ակումբներ կան Քէրքուքի եւ Մուսուլի մէջ, թէեւ վերջինին ակումբը ներկայիս չի գործեր, անապահովութեան պատճառով։ Պասրայի մէջ կայ Պասրայի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը եւ Կարօտելոցը, որոնց գործունէութիւնը եւս դադրած է, երկրին մէջ տիրող անապահով պայմաններուն իբրեւ հետեւանք։
Հ.- Քրտական ինքնավար մարզին մէջ հայեր կը բնակի՞ն:
Պ.- Այո, քրտական ինքնավար մարզին մէջ հայեր կան, օրինակ՝ քիչ առաջ յիշեցի Զախոն, ուր ունինք եկեղեցի, դպրոց եւ կազմակերպուած թաղականութիւն։ Զախոյի մօտ կը գտնուի Աւզրուկ ամբողջութեամբ հայ, սակայն քրտախօս գիւղը, որ ունի իր եկեղեցին։ Հայեր կան նաեւ Սումէլի եւ Տահոքի մէջ։ Տահոքի հայերը ձեռնարկած են եկեղեցի մը կառուցելու աշխատանքին, քրտական պետութեան օժանդակութեամբ։ Վերջերս Պաղտատէն գաղթած մօտաւորապէս 250 հայեր հաստատուած են Էրպիլ կոչուած քաղաքին մէջ։
Հ.- Իրաքի իշխանութիւններուն հետ ինչպէ՞ս են հայութեան յարաբերութիւնները:
Պ.- Իրաքեան իշխանութիւններու հետ հայութեան յարաբերութիւնները միշտ լաւ եղած են թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս։
Հ.- Ի՞նչ ձեւի դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ գաղութը պատերազմական ներկայ կացութեան մէջ:
Պ.- Դժուարութիւններ, զորս կը դիմագրաւէ իրաքահայ գաղութը նոյնն են, ինչպէս Իրաքի ամբողջ ժողովուրդին դիմագրաւածը. անապահովութիւն, անապահովութիւն եւ դարձեալ անապահովութիւն, որուն պատճառով արտագաղթը կը շարունակուի։
Հ.- Դէպի Հայաստան ներգաղթի շարժում կա՞յ:
Պ.- Այո, կայ, բայց ներգաղթողներն ալ Հայաստանի մէջ կը դիմագրաւեն գործ գտնելու դժուարութիւններ։
Հ.- Թեմական կեանքը ի՞նչ վիճակ կը պարզէ այսօր:
Պ.- Պէտք է ըսել, որ թեմական կեանքը լաւ վիճակի մէջ է։ Առաջնորդը եւ քահանայ հայրերը գործունեայ են։ Պաղտատի մէջ կանոնաւոր կերպով կը գործէ նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը։ Կը գործեն նաեւ շրջաններու թաղականութիւնները, ի բացառեալ Մուսուլի եւ Պասրայի շրջաններէն, այդ ալ, դժբախտաբար, երկրին անապահով վիճակին պատճառով։
Հ.- Արտասահմանի իրաքահայերը ի՞նչ ձեւով օգտակար կ’ըլլան գաղութին:
Պ.- Պատերազմի սկիզբի օրերուն, Ամերիկա գտնուող նախկին իրաքաբնակ հայեր եւ այլ կազմակերպութիւններ 104 հազար տոլար գումարի օժանդակութիւն կատարեցին մեր համայնքին։ Օժանդակութիւնը բաժնուեցաւ բոլոր դիմողներուն։
Ազգային վարժարանին համար տարեկան նպաստ կը ղրկէ Ամերիկայի մէջ կազմուած նոյն վարժարանի նախկին սաներու յանձնախումբը, իր կազմակերպած ձեռնարկներուն եկամուտներէն։
Հ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք իրաքահայութեան ապագան:
Պ.- Դժուար է ապագային մասին կարծիք յայտնել, սակայն եթէ վիճակը այսպէս շարունակուի, գաղութին ապագան մութ է…