ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայկական ծիրանէն պատրաստուած «Ապրիկոտաբս» սնունդի բնական խտանիւթը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է վերջերս Քանատայի մէջ կայացած «Էքսփօ-2007» ցուցահանդէսին: «Ապրիկոտաբս»ը թարմ ծիրանի խտանիւթ է, որ կը ստացուի առանց քիմիական եւ ջերմային մշակումի եւ կը պահպանուին ծիրանին մէջ գտնուող բոլոր արժէքաւոր նիւթերը:
«Ապրիկոտաբս»ի մէկ դեղահատը իր բաղադրութեամբ հաւասար է 8 թարմ ծիրանի: Սնունդի այս խտանիւթին մէջ մեծ քանակութեամբ փոթասիումի, երկաթի եւ բնական հակաօքսիտընթներու պարունակութիւնը զայն շատ օգտակար կը դարձնէ յղի կիներու, սրտանօթային հիւանդութիւններով եւ սակաւարիւնութիւնով տառապող անձերու համար: Վերջերս կատարուած փորձարկումները ապացուցած են, որ «Ապրիկոտաբս»ը կը բարձրացն է նաեւ աշխատունակութիւնը եւ կը վերացնէ յոգնածութիւնը ֆիզիքական եւ մտաւոր գերլարուածութեան պարագային: