Կեղտոտ խոզին բնութեան ու անոր ճարպակալած պարարտ մարմնէն պատրաստուած մսեղէններու տեսակներուն մասին բաւարար չափով լայն ծանօթութիւն ունին մարդիկ: Հակառակ իսլամական օրէնքին դրած խիստ արգելքին, խոզի միսի անմաքրութեան եւ անոր ոչ-ճաշակելի կենդանիներու ցուցակին մէջ ըլլալուն, ամբողջ Արեւմուտքը հաճոյքով կը ճաշակէ անոր միսը եւ ոչ մէկ պժգանք կ’արտայայտէ ո՛չ համեմունքով պատրաստուած տեսակներուն դիմաց եւ ո՛չ ալ զայն խորովելէ ետք: Ընդհակառակը, զայն խորովողներ յաճախ կը գովեն անոր միսին փափկութիւնը, քիմքին հաճելի համը, առաւել եւս ախորժաբեր դարձնելով անոր ճաշակումը իրենց սեղանակիցներուն:
Խոզին ու անոր խոզուկներուն վաղ տարիքէն կը ծանօթանան մեր մանուկները, իրենց պատկերաւոր դասագիրքերուն մէջ հանդիպելով անոնց: Հեռատեսիլի կենդանական աշխարհէն ներկայացուցած բացատրական յայտագիրները եւս յատուկ ուշադրութեամբ կը դիտեն երեխաները, կանուխ տարիքէն գաղափար կազմելով զանազան տեսակի անասուններու վազքի արագութեան, ուժի զօրութեան եւ բոլոր շարժումներուն մասին: Իսկ դպրոցին մէջ, տարբեր կենդանիներու ձայները երբ սորվին, մասնաւոր հաճոյքով կը կրկնեն խոզերուն ձայնը, որ բոլորին մէջէն կը զատորոշուի իր ծիծաղելի տարօրինակութեամբ: Ձայնին նման, խոզերուն արարքներն ալ ծիծաղելի կ’ըլլան երբեմն, երբ յանկարծ ամբողջ մարմնով կը թաղուին կեղտի ու ցեխի մէջ, այնպիսի հանգստութեամբ ու ինքնամոռացութեամբ, որ հոլանի մարմին մը պիտի ուզէր մտնել փետուրներով լեցուած անկողնի մէջ…:
Խոզին բոլոր արարքներն ալ անկանխատեսելի ու անհակակշռելի են: Աւետարաններէն քաղուած Յիսուսի մտածողութեան մէջ կը գտնենք խոզի արարքներուն մասին ակնարկութիւններ: Շունն ու խոզը միասնաբար յիշուած են Յիսուսի կողմէ, իբրեւ նուիրական արժէքները սրբապղծող երկու կենդանիներ: Շունը, հակառակ հաւատարմութեան խորհրդանիշ ըլլալուն, խօսակցական լեզուին մէջ, դիմացինը անպատուելու արտայայտութիւն մը կը դառնայ յանկարծ։ Իսկ նուիրական արժէքներուն անոր դպչիլը կամ նոյնիսկ մօտենալը սրբապղծութիւն կը համարուի յաճախ։ Յիսուս ալ նոյն հաստատումը կը կատարէ, երբ կ’ըսէ՝ «Որեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք, ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մտ. 7:6):
Մեզ հետաքրքրողը այս հաստատումին երկրորդ բաժինն է, այն, ինչ որ կը վերաբերի խոզերու արարքին։ Առաջին հերթին, խոզը եբրայական օրէնքին համաձայն ոչ սուրբ (անմաքուր) կենդանի ըլլալուն, արգիլուած էր զայն ուտել: Երկրորդ, իբր այդպիսին ան կրնար սրբապղծութիւն առաջացնել, եթէ պատահէր, որ սուրբ բանի դպչէր։
Այս գրութեան մէջ «մարգարիտ» բացատրութիւնը դուրս պիտի բերենք իր աւետարանական իմաստէն եւ ընդհանրացնենք այս կեանքին մէջ բոլոր տեսակի վաւերական արժէք ունեցող երեւոյթներուն վրայ։ Ծանօթ է արդէն, որ մարգարիտը թանկագին, մեծարժէք գոհարեղէն է, որուն տեսակներն ու չափերը բազմազան են, կախեալ՝ խեցիներուն չափէն ու տարիքէն։
Արժէքի իմաստով մարգարիտներու շատ կը հանդիպինք, սկսեալ եկեղեցւոյ կեանքէն, մինչեւ մեր ազգային ու ընտանեկան շրջապատը։ Արժէքներ՝ որոնք ժամանակին հետ չեն կորսուիր։ Արժէքներ՝ որոնք նիւթի մէջ չեն սահմանափակուիր, ուստի եւ չեն հիննար, չեն փտիր, չեն ժանգոտիր։ Արժէքներ՝ որոնք իրենց արժէքութենէն ոչինչ կը կորսնցնեն, երբ փորձենք արժեզրկել զանոնք։ Արժէքներ՝ որոնց դիմաց միշտ փոքր պիտի մնանք, ինչքան ալ նիւթապէս թէ իմացապէս մեծութիւններ կարծենք կամ համարենք մենք մեզ։ Արժէքներ՝ որոնց պիտի բախին մեր քննադատութիւնները իբրեւ ժայռերու եւ անոնց ոտքերուն առջեւ մանրուին իբրեւ աւազահատիկներ։
Աւետարանին մէջ զգուշացման կոչ մը կ’ըլլայ մարգարիտները խոզերու առջեւ չնետելու մասին, զոր վերը մէջբերեցինք։ Բնականաբար, մարդիկ արդէն զգոյշ կ’ըլլան այդ ուղղութեամբ։
Սակայն, փաստօրէն, խոզերու առջեւ նետուած մարգարիտներու ճակատագրով մտահոգ մարդոց ալ կը հանդիպինք, որոնց մտահոգութիւնը ենթադրել կու տայ, թէ՝ նաեւ կան անձեր, որոնք ինչ-ինչ նպատակներով խոզերուն դիմաց կը նետեն իրենց մարգարիտները։
Խոզերը իրենց մարգարիտներով կերակրողներուն անձնական շահերը մէկդի դնելով, մենք պիտի ուսումնասիրենք այս երեւոյթը, հիմնական երեք խմբաւորումներու ենթարկելով այդ արարքին դրդապատճառները։
Բնականաբար մարգարիտը մարգարի՛տ պիտի մնայ խոզին ոտքերուն տակ իյնալէ ու ցեխոտուելէ ետքն ալ: Այսինքն իր արժէքէն բան պիտի չկորսնցնէ, միայն թէ իր արժէքին համապատասխան վերաբերումի արժանացած պիտի չըլլայ պարզապէս: Զանիկա կարելի է դարձեալ դուրս բերել ցեխէն, մաքրել անոր վրայի կեղտը ու ամէնէն գեղեցիկ մանեակին կեդրոնը զետեղել եւ քառապատիկ բարձրացնել մանեակին արժէքը…: Ցեխը, կեղտն ու փոշին արտաքին կեղեւին վրայ կպած խաւ մըն է լոկ, զոր կարելի է դիւրութեամբ անջատել բուն մարմնէն եւ վերադարձնել մարգարիտը իր նախկին մաքրութեան: Սակայն՝
– Ինչո՞ւ մարդիկ խոզերուն դիմաց պիտի նետեն իրենց մարգարիտները:
Ահաւասիկ երեք պատճառները.-
Ա.- Կը նետեն՝ փորձելու համար անոնց ուժը.
Խոզը, մանաւանդ անոր վայրի տեսակը՝ վարազը, ահեղ զօրութեամբ օժտուած կ’ըլլայ: Որսորդները ամէնէն զօրաւոր փամփուշտները գործածելով հանդերձ, վարազը տապալելէ ետք զգուշութեամբ կը մօտենան անոր, անակնկալ յարձակումէ մը վախնալով: Սակայն անոր հետ մարտնչելու եւ զայն տապալելու մարդուն կիրքը հաճոյք կը պատճառէ, եւ որ փորձիչ է միշտ, մեզ մղելով չափուելու խոզին հետ: Ահա այն ատեն քու կեանքդ իբրեւ թանկագին մարգարիտ խոզին առջեւ նետած կ’ըլլաս: Այն կեանքը, որ Աստուած տուած է քեզի, որպէսզի ապրիս ու արժեւորես բարի գործերովդ:
Որսորդներուն զգացած անիմաստ ու զեղխ հաճոյքին նմանութեամբ ալ, կեանքի ամէնէն թանկագին երեւոյթները իբրեւ մարգարիտներ ոմանք կը նետեն խոզի վարմունք ունեցող մարդոց առջեւ: Այն ատեն ահա պիտի իրականանայ Յիսուսի հեղինակաւոր խօսքը, որուն համաձայն՝ խոզերը զանոնք պիտի կոխկռտեն եւ ապա ձեր վրայ պիտի յարձակին: Աւաղելը աւելորդ պիտի ըլլայ, անգամ մը, որ խոզերը յարձակին ու սկսին հարուածել քեզ, որովհետեւ արտասանած ամէնէն քնքոյշ խօսքերդ անգամ օգուտ պիտի չունենան: Խոզը պարզապէս իր բնութիւնը պիտի իրագործէ: Ուստի, եթէ ծանօթ ես անոնց ուժին, իմաստութիւնը ունեցիր հեռու կենալու անոնցմէ, փրկելով ե՛ւ մարգարիտներդ, ե՛ւ դուն քեզ…:
Բ.- Կը նետեն՝ անգիտութեամբ.
Ասիկա ամէնէն անմեղունակ դրդապատճառն է, խոզին առջեւ մեր մարգարիտները նետելու: Թէեւ ըսինք, թէ մանուկ տարիքէն կը ծանօթանանք խոզերուն եւ մեր դասագիրքերուն ճամբով կը ճանչնանք անոնց ուժը, զանազան բարի թէ յոռի յատկութիւնները, վերջապէս անոնց բնութեան կը տեղեկանանք, սակայն պիտի ընդունինք, որ կան մարդիկ, որոնք անգիտութեամբ կը մօտենան խոզերուն, շոյելու համար անոնց կոշտ ու կոպիտ պարանոցը եւ, իբրեւ կեր, անոնց առջեւ դնելու իրենց մարգարիտները:
Աւելորդ է բացատրել, թէ նման անձերուն վախճանը ողբերգական պիտի ըլլայ միայն: Այսպիսի անձեր նոյնիսկ արթնութիւնը չեն ունենար ետ կենալու եւ պաշտպանուելու, երբ կը զգան, թէ ստացած են խոզին առաջին հարուածները: Այլ, ապշահար աչքերով կը դիտեն զայն, միշտ զարմանալով անոր հասցուցած հարուածներուն ի տես: Խելահաս մարդիկ բազմիցս զգուշացուցած ըլլալով այդպիսիները, տեսնելով հարուածներու տարափին տակ մնացած ողորմելիները, մէկ կողմէ խղճալով, միւս կողմէ ծիծաղելով, գլուխնին կը ճօճեն ու «անո՛ւշ ըլլայ ապուշ մարդուն» կ’ըսեն ու կ’անցնին:
Գ.- Կը նետեն՝ անոնցմով հրապուրելու եւ դուրս բերելու խոզերը ցեխի ու կեղտի տիղմէն.
Ասիկա ամէնէն իմաստուն ձեւը կը նկատուի խոզերուն առջեւ մարգարիտները նետելու երեք դրդապատճառներէն: Այստեղ, յաջողութեան հասնելու հաւանականութեան մը առջեւ կը գտնուի տուեալ անձը, յուսալով, որ կրնայ բարիք գործել, հոգ չէ, թէ քանի մը մարգարիտ զոհելով իր գանձարկղէն:
Այս պարագային, խոզին դիմաց գտնուողը գերագոյն ճիգ մը կ’ընէ, զայն դուրս բերելու ցեխի ու կեղտի տիղմէն, ծանօթ ըլլալով հանդերձ անոր վայրագ բնութեան: Փրկարարը, իբրեւ միջոց, իր մարգարիտները կ’օգտագործէ, այն յոյսով, որ արեւուն տակ փայլփլող այդ քարերուն սպիտակաթոյր ճառագայթները կրնան հրապուրիչ դառնալ խոզին աչքերուն:
Չկա՞ն այնպիսի մարդիկ, որոնք հագուած ու շքուած եւ բարձր պաշտօններու վրայ տեսնելով, պահ մը կը զարմանանք: Յետոյ կ’իմանանք, որ անպայման մէկը եղած է, գթասիրտ ու ազնուական, որ առանց նախապայմանի եւ առանց նկատի առնելու անոնց բնաւորութիւնը, խղճալով զիրենք բարձրացուցած է այդ դիրքին: Այդ «մէկը»ը անպայման անձ չէ, կրնայ ազգ ըլլալ կամ այլ հաւաքականութիւն մը, որ բարձրագոյն պատիւներու կ’արժանացնէ քեզ, փառքէ փառք փոխադրելով յաճախ:
Տիղմն ու կեղտը ինչքան ալ հրապուրիչ ըլլան խոզերուն համար ու հանգստաւէտ անոնց անզգայ մարմնին, անոնցմէ ոմանք դուրս կու գան այդ թուխ աւազանէն, բարձր պաշտօններու ու դիրքերու ալ կը հասնին: Սակայն, տիղմն ու կեղտը իրենց բնութեան եւ արեան թափանցած ըլլալով, դարձեալ կը քաշուին կեղտի տիղմին մէջ, հրաժարելով բոլոր տեսակի բարձր կարգերէն ու պաշտօններէն: Անոնց համար, կեանքի մարգարիտը ինկած կը համարուի կեղտի տիղմով լեցուն լիճին յատակը, ուրկէ պէտք է անպայման դուրս բերեն, երկա՜ր շունչով անդադար սուզուելով մինչեւ գետին, հոգ չէ եթէ նոյնիսկ կուլ տան այդ կեղտէն մեծ բաժիններ: Ենթադրեալ մարգարիտը գտնելու իրենց ամբողջ ճիգը ապարդիւն կ’անցնի բնականաբար, ու իրենց կեանքը կը փճանայ կեղտի թանձրութեան հետ թաւալելու ճիգին մէջ, պարտասած եւ ուժասպառ:
Այս բոլորով հանդերձ սակայն, խոզերը չեն մոռնար իրենց բնութեան հաւատարիմ գտնուելու ներքին կոչումը եւ կը դառնան ու կը յարձակին վրադ, ապերախտութեան հռչակ շահած կատուէն խլելով անոր անժամանակ դարերէ ի վեր ունեցած երախտամոռութեան մրցանակը:
Զգո՜յշ եղիր, որ խոզերէ ստացած հարուածներուդ վերջինը ըլլայ այն, զոր ստացար, եւ մի՛ մոռնար, որ ինչքան ալ հեզ ու համեստ կամ «բարի» խոզերու հանդիպիս, անոնց արարքները միշտ անհակակշռելի կ’ըլլան ու վճռորոշ հետեւանքներ կ’ունենան անձիդ եւ կեանքիդ վրայ: