Չորեքշաբթի, 15 Մարտի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ նախագահեց Մեծ Պահոց Միջինքի Արեւագալի արարողութեան, իր կողքին ունենալով եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը եւ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանը:
Հաւատացեալներու շարքին, արարողութեան ներկայ եղան նաեւ եկեղեցւոյ ժողովականութեան, Տիկնանց միութեան անդամներ, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 7 եւ 8րդ կարգերու աշակերտները ու իրենց դաստիարակները: Իր պատգամը ուղղելով աշակերտներուն՝ առաջնորդ սրբազանը շեշտեց աղօթքի ճամբով հոգիի մաքրութեան եւ ինքնաքննութեան կարեւորութիւնը՝ յորդորելով զանոնք, որ Մեծ Պահքի այս շրջանին ըլլան աւելի զուսպ եւ մնան հեռու մեղքէն ու փորձութենէն, ապա հրաւիրեց ներկաները բարութիւն եւ սէր տարածելու նաեւ իրենց հարազատներու կեանքին մէջ:
