
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Առաւել քան 600,000 տոլար հանգանակուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի «Կալա 2023»ին, որ տեղի ունեցաւ 12 Մարտին «Տաղլեան» սրահին մէջ եւ նշուեցաւ շրջանի հիմնադրութեան 40ամեակը: Ներկայ էին ՀՕՄի՝ Արցախի, Հայաստանի, Ջաւախքի, Լիբանանի եւ երկրաշարժէն աւերուած Սուրիոյ մէջ համահայկական աշխատանքներուն զօրակցող 550 հիւրեր, ներառեալ՝ ընտրուած քաղաքական դէմքեր, գաղութի ղեկավարներ, ուղեկից եւ տեղական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄի անդամներ եւ առատաձեռն նուիրատուներ:

Տաթեւիկ Էքիզեանի եւ Վրոյր Դաթէւոսեանի հանդիսավարութեամբ յայտագիրը սկսաւ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներով, թենոր Րաֆֆի Քերպապեանի կատարողութեամբ:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան օրհնեց ՀՕՄը եւ ՀՕՄի նուիրատուները՝ ըսելով. «Աստուածային օրհնութիւնը անպակաս մնայ ՀՕՄի ընդհանրական կեանքէն, Կեդրոնական վարչութեան վրայէն, մեր շրջանի Շրջանային վարչութեան վրայէն եւ բոլոր մասնաճիւղերու վրայէն, որովհետեւ ՀՕՄը իր եզակի նկարագիրով եւ իր յատուկ առաքելութեամբ մեր Ազգային, հայրենական ու Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ սփիւռս աշխարհի կը կատարէ շատ յատուկ անմրցելի ծառայութիւն, որուն համար մենք բոլորս կը խոնարհինք ՀՕՄի ծառայութեան առջեւ»:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը Հայաստանի պաշտպանութեան համար զոհուած հերոսներուն եւ Սուրիոյ երկրաշարժի զոհերուն:


Պատուոյ հիւրերու շարքին էին՝ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան (Արցախի նախկին առաջնորդ), Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի ներկայացուցիչ Արմենակ վրդ. Պետրոսեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամներ՝ Մարալ Մաթոսեան եւ Արուսեակ Մելքոնեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան:
Ընտրուած քաղաքական ներկայացուցիչներու կարգին էին՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթոնթինօ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմըն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ներկայացուցիչ Աննա Մուրատեան, Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլեն Ասատրեան, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զիզէթ Մալինզ, ինչպէս նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ներկայացուցիչ Մարի Յովակիմեան:


ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան փոխանցեց վարչութեան խօսքը՝ ըսելով. «Չորս տասնամեակներ շարունակ ՀՕՄի մեր ակնառու միաւորը, իր նուիրեալ ընկերուհիներուն անխոնջ փաղանգով, հոգեկան ու ֆիզիքական անքակտելի կապերով ապրած է հայ ժողովուրդի մութ թէ լուսաւոր օրերուն մէջ: Շրջանս կրցաւ իր նիւթական եւ բարոյական անընդհատ օգնութիւնը հասցնել հայրենի աղէտեալ շրջաններուն եւ Սփիւռքի հայրենակիցներուն, ու կը շարունակէ նոյն ոգիով: Վստահ եղէք, թէ կը ցանկանայինք, որ այս ձեռնարկի հասոյթը յատկացուէր մեր ամբողջական եւ միասնական հայրենիքի զարգացման, հայրենիքի բարգաւաճման եւ հայ ազգի բարօրութեան: Ցաւօք սրտի՝ այս չէ այսօրուան իրականութիւնը: Պարտաւոր ենք մեր ուղղութիւնը կեդրոնացնել լայնածաւալ մեր աշխատանքներուն տեղական եւ միջազգային գետնի վրայ՝ հասնելու մեր ժողովուրդի կարիքներուն, վտանգուած հայրենիքին, տեղահան եղած ընտանիքներու, զոհուած ազատամարտիկներու ծնողազուրկ երեխաներու եւ այրիներու, աղէտէ տուժած Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող անյոյս հայ ժողովուրդին, եւ բազմազան այլ ծրագիրներու»:
Մարաշլեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկ. Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեաններուն, որոնք երկու յաջորդական տարիներ սրտաբուխ կերպով ստանձնեցին ՀՕՄի «Կալա» ձեռնարկներու հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Եմենիճեան եւ Քուճաքեան ընտանիքներուն ու ՀՕՄի Լաս Վեկասի «Շուշի» մասնաճիւղի Վերժին Գուճաքեանի անուան շաբաթօրեայ վարժարանին, որ, ի յիշատակ իրենց մօր եւ վարժարանի հիմնադիրին՝ առատաձեռն եւ իշխանական նուիրատուութիւն կատարեցին՝ նպաստելու ՀՕՄի կարեւորագոյն ծրագիրներուն:
Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Կազմակերպիչ յանձնախումբին, որուն ատենապետութիւնը ստանձնած էր Անի Քէշիշեան եւ որ օգնութիւն ստացած էր Շրջանային վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Ժասիկ Ջարահեանէն եւ Ընկերային ծառայութեան տնօրէն Դալար Այնթապլեանէն:
Ընկերուհին իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Հաւատարիմ ըլլալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր կարգախօսին՝ աւելի քան մէկ դար ապրած ՀՕՄը, ձեռք ձեռքի տուած իր անհամար համակիրներուն եւ իր ազգաշէն գործունէութեան զօրավիգ կանգնած հայ ժողովուրդին՝ աննկուն կամքով ու հաւատքով պիտի շարունակէ բարձր պահել մարդասիրական իր երկնագոյն դրօշը՝ մինչեւ մեր ազգային երազանքներու իրականացման պանծալի օրը»:

Մոմավառութեան արարողութիւնը առիթ տուաւ, որ յիշատակուին անոնք, որոնք եկան, գործեցին եւ անցան, ինչպէս նաեւ առիթ տալու, որ վերահաստատուի մեր յանձնառութիւնը ՀՕՄի առաքելութիւնը շարունակելու: Ցուցադրուեցան ՀՕՄի շրջանի պատմութեան եւ ներկայ աշխատանքներուն մասին պատմող տեսերիզ մը, նաեւ հանգուցեալ Վերժին Գուճաքեանի յիշատակին նուիրուած տեսերիզ մը:
Մարաշլեան յուշատախտակ մը յանձնեց ձեռնարկի հովանաւորներ տէր եւ տիկին Յակոբ (Ճեք) եւ Զարիկ Եուրէճեաններուն՝ անոնց շարունակական ներդրումներուն համար, որ այս տարի 50,000 տոլար էր: Բարերարը, որուն կողակիցը ՀՕՄի «Կարս» մասնաճիւղի անդամ է, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ՀՕՄի մասնաճիւղերուն՝ ի նպաստ գաղութին իրենց կատարած հիանալի աշխատանքներուն համար:’
Կալային գլխաւոր բարերարներ Եմենիճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքեները նուիրած էին 250,000 տոլար ի յիշատակ իրենց մօր: Ընկերուհի Վերժինը եղած էր ՀՕՄի անդամ եւ հայեցի կրթութեան ջատագով: Ձեռնարկին ընթացքին անակնկալ 25,000 տոլարի նուիրատուութիւն եւս յայտարարուեցաւ Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեաններու որդիին՝ տէր եւ տիկ. Արմէն եւ Անուշ Եմենիճեաններուն կողմէ՝ ի յիշատակ իրենց մեծ մօր:
Վերժին Գուճաքեանի յիշատակի յուշատախտակը նախ փոխանցուեցաւ Արտա Եմենիճեանին, որ իր կարգին զայն փոխանցեց ՀՕՄի Լաս Վեկասի »Շուշի« մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Սիրուն Պետիրեանին, որ յայտնեց, թէ իրենք շատ հպարտ են, որ իրենց ընկերուհի Գուճաքեանով, որ 30 տարիներ առաջ Լաս Վեկասի անապատին մէջ սկսած էր ցանել հայ ազգի հոգիի եւ հայապահպանման հունտեր, այսօր իրենց մէջ ունին անոր ցանած ծիլերը, որոնք իրեն հայապահպանման քայլերուն կը հետեւին՝ շարունակելով հայ լեզուի ու մշակոյթի փոխանցումը:
Գուճաքեան եւ Եմենիճեան ընտանիքներուն անունով խօսք առնելով՝ Արտա Եմենիճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իրենց մօր ժառանգութիւնը յարգող գեղեցիկ երեւոյթին նկատմամբ՝ յիշելով, թէ իրենց մայրը իր ժամանակակիցներէն յառաջադէմ էր, միշտ ինքնազարգացման կը դիմէր եւ միշտ մտահոգ էր յաջորդ սերունդի հայեցի դաստիարակութեամբ: ՀՕՄը մօտիկ եղած էր իր սիրտին եւ ան նուիրուած էր ՀՕՄին, ինչպէս հազարաւոր ՀՕՄուհիներ աշխարհի չորս ծագերուն: Այդ կամաւորները իսկական հերոսներն են ՀՕՄի մարդասիրական ծրագիրներու իրագործման մէջ: Մենք հպարտ ենք, որ մեր մայրը փոքր դեր մը ունեցած է այդ համաշխարային բարեսիրական առաքելութեան մէջ:
Մարաշլեան, յայտարարելով, թէ վերջին 25,000 տոլարը, որ անանուն նուիրատուի մը կողմէ էր՝ օրուան հասոյթը հասցուցած է 600,000 տոլարի:
Ձեռնարկին մասնակցեցան երաժիշտներ 9ամեայ Տարրըն Չիլինկիրեան, Անդրէ եւ Անի Օհանեանները, Սոֆի Մխէեան, Այտա Սարգիսեան եւ Գէորգ Սիրէկանեան:
Յայտագրի աւարտին, անոնք որոնք մասնակցած էին լռելեան աճուրդին վերցուցին իրենց զատած նուէրները:
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը, ՀՕՄի Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանէն բաժնուած էր 1984ին, կեդրոնատեղի ունենալով Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքը։ Շրջանս ունի չորս նահանգներու վրայ տարածուած 23 մասնաճիւղերու պատկանող շուրջ 1100 անդամներ: ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք մը, ինչպէս նաեւ Հոգեբանական կեդրոն մը, 15 միօրեայ վարժարաններ, մանկամսուր մը եւ բազմաթիւ երիտասարդական ծրագիրներ, կրթաթոշակներ եւ մարդասիրական օժանդակութեան այլ ծրագիրներ:
