
ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԵՒՈՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1941ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Նազարէթ Գեւոնեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 6 Մարտ 2023ի առաւօտեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2023ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ (սպիտակ եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, CA 90068:
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Թամար Գեւոնեան եւ Սեւան Ապտեսեան եւ դուստրը՝ Երազ
Զաւակը՝ Գեղոն եւ Ալեքսիա Գեւոնեան եւ զաւակները՝ Ադամ, Սօֆիա եւ Նշան
Դուստրը՝ Թալին Գեւոնեան
Քոյրը՝ Սօսի Հաննէսեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Րաֆֆի եւ Անժելա Գեւոնեան եւ ընտանիք (Սպանիա)
Քոյրը՝ Արփինէ Գեւոնեան եւ ընտանիք (Յունաստան)
Եւ համայն Գեւոնեան, Հաննէսեան, Ապտեսեան, Մատենճիս ընտանիքները, հարազատները, ընկերներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել «Ասպարէզ» օրաթերթի «Նազարէթ Գեւոնեան» ֆոնտի յատուկ ծրագիրներուն (Armenian Media Network, 1203 N. Vermont Avenue, Los Angeles, CA 90029 կամ PayPal-ով)։
***
ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԵՒՈՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԵՒՈՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԵՒՈՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ թերթի աշխատակիցներէն Թամար Գեւոնեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։