ՇԱՆԿՀԱՅ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Նոյեմբեր 19ին, Շանկհայի մէջ աւարտեցաւ այս տարեշրջանի լաւագոյն ութը թենիսմէններու «Մէսթըրզ բաժակ»ի մրցաշարքը:
Շաբաթ օր տեղի ունեցան կիսաւարտականի ճակատումները, երբ առաջին դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերէր եւ ամերիկացի Ճէյմս Պլէյք յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին սպանացի Ռաֆայէլ Նատալն ու արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեանը: Ֆետերէր 6-4, 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ Պլէյք՝ 6-4, 6-1 արդիւնքով:
Աւարտականի մրցումին, 25 տարեկան Ֆետերէր 6-0, 6-3, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Պլէյքը, երրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց բաժակը, ստանալով նաեւ 1.5 միլիոն տոլար մրցանակ մը: Անցեալ տարի այս մրցաշարքին բաժակը խլած Նալպանտեան այս տարի միայն կիսաւարտականին հասնելով, 210,000 տոլարով հեռացաւ մրցաշարքէն:
Նկարին մէջ, Շաբաթ օրուան մրցումէն ետք, Նալպանտեան կը ձեռնուի Պլէյքի հետ: