Երեւանի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւնները` արտաքին գործոց փոխնախարարներ Վահան Կոստանեանի եւ Ալի Պաղերի Քանիի գլխաւորութեամբ: Կողմերը յատուկ կերպով անդրադարձան տարածաշրջանային ապահովութեան հարցերուն։
Կոստանեան եւ Պաղերի Քանի քննարկեցին հայ-իրանեան երկկողմ քաղաքական օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ մը, անդրադարձան Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական, բազմակողմ հարթակներու վրայ համագործակցութեան հարցերու:
Կոստանեան զրուցակիցին ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումներուն պատճառով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր Լաչինի միջանցքի փակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի մանրամասնութիւնները: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ապօրինի գործողութիւններուն, ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ առաւելապաշտական կեցուածքին, որոնք լրջօրէն կը վտանգեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ջանքերը:
Նոյն օրը, Պաղերի Քանի հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ իր կարգին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ Արցախի շուրջ տիրող իրավիճակը: Քննարկուեցան տարածաշրջանին մէջ սպառնալիք ներկայացնող ապահովական եւ այլ հարցեր:
Աւելի ուշ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Պաղերի Քանի յայտնեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ Իրանի կայուն դիրքորոշումը տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման մէջ: «Մեր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեցինք, որ Իրան միշտ վստահելի գործընկեր է խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ տարածաշրջանի երկիրներն են, որոնք խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւորն են, եւ օտար ուժերու ներկայութիւնը չի կրնար այդ կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը ապահովել, որովհետեւ անոնք այլ հեռանկարներ կը հետապնդեն: