Հայաստանի մէջ ԵԽԽՎի մշտադիտարկման առաքելութեան համազեկուցողներ Քիմմօ Քիլիւնէ եւ Պորիանա Ապերկ գաղտնազերծուած տեղեկատուական գրութեան մը մէջ կիսեցին 17-19 Փետրուարին Հայաստան այցելութեան ընթացքին ԵԽԽՎի Մշտադիտարկման յանձնաժողովի բացայայտումները:
pace.coe.int կայքին վրայ զետեղուած է գրութեան մը մէջ կ՛ըսուի, որ անոնց այցելութեան նպատակն էր՝ գնահատել իրավիճակը Ատրպէյճանի հետ սահմանի եւ Լաչինի միջանցքի մուտքի: Իրենց այցելութեան ընթացքին անոնք այցելեցին Ջերմուկ, Գորիս եւ Վարդենիս քաղաքները եւ անոնց շրջակայքը եւ հանդիպում ունեցան տեղւոյն պաշտօնեաներու ու Արցախի բնակիչներու հետ, որոնք Լաչինի միջանցքի շարունակական փակման պատճառով մնացած են Գորիսի մէջ:
Ըստ անոնց դիտարկումներուն` միջանցքով տեղաշարժը «մեծապէս խոչընդոտուած է»` անկարելի դարձնելով որոշ առաջին անհրաժեշտութիւն ներկայացնող ապրանքներու տեղափոխումը: Այս իրավիճակը շուտով կրնայ հասցնել մարդասիրական ճգնաժամի, կը հաստատեն անոնք։
Անդրադառնալով Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան՝ զեկուցողները կ՛ըսեն. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ թոյլատրելու անկախ փաստահաւաք կատարողներու այցելութիւնը եւ թոյլատրելու անկախ լրագրողները ազատօրէն գործելու ամբողջ տարածքին մէջ»։