Հակառակ Պաքուէն հնչող սպառնալիքներուն եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի յաւակնութիւններուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 23 Մարտի կառավարութեան նիստին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Խաղաղութեան պայմանագիր լինելու է եւ լինելու է մինչեւ օրս բարձրագոյն մակարդակներում ձեռք բերուած գրաւոր փաստաթղթերի հիման վրայ»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Սակայն Փաշինեան չյստակացուց, թէ այս պայմաններուն մէջ այդ մէկը ինչպէս կարելի է: Փոխարէնը ան քննադատեց Իլհամ Ալիեւը՝ Թալիշի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն համար: Ընդ որում, Արցախը Ատրպէյճանին մաս ճանչնալու՝ Ալիեւի պնդումին չանդրադարձաւ Փաշինեան, այլ խօսեցաւ միայն սահմանագծման մասին:
Նախորդ շաբաթ, Ալիեւ ըսած էր, թէ որպէսզի Հայաստան հանգիստ ապրի 29 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ, պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս, ինչպէս նաեւ Պաքուի պայմաններով կատարէ սահմանագծում: «Հակառակ պարագային ոչ մէկ խաղաղութեան համաձայնութիւն պիտի ըլլայ», զգուշացուցած էր Ալիեւ:
«Սա այլ կերպ, քան ագրեսիայի (յարձակման) ակտ (արարք) Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ եւ բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կոպիտ ոտնահարում, դժուար է որակել», ըսաւ Փաշինեան: Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճան կը խախտէ թէ՛ Փրակի, թէ՛ Սոչիի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Իսկ այդ պայմանաւորուածութիւններով Երեւան եւ Պաքու Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջանութիւնը եւ ինքնիշախնութիւնը, ինչ որ ալ պէտք է հիմք դառնար սահմանազատման յանձնաժողովներուն համար։ «Այս յայտարարութիւններից յետոյ, որն ուղիղ արձանագրում է էն բանի, որ խորհրդային հանրապետութիւնների սահմանները վեր են ածուել պետական սահմանների, Ադրբեջանը շարունակաբար խօսում է ինչ-որ պատմական քարտէզների հիման վրայ դելիմիտացիա (սահմանագծում) անելու մասին, որը բացարձակապէս անընդունելի է այն պարզ պատճառով, որ հակասում է բարձրագոյն մակարդակում ձեռք բերուած գրաւոր պայմանաւորուածութիւններին: Պայմանաւորուածութիւնները խախտելու Ադրբեջանի այս գործելակերպն է պատճառը, որ մենք շարունակում ենք պնդել, որ թէ՛ Հայաստան-Ադրբեջան խաղաղութեան պայմանագրի եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքների հարցով Ստեփանակերտ-Բաքու ֆորմատում (ձեւաչափին մէջ) ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների իրագործման համար յուսալի միջազգային մեխանիզմներ (գործիքակազմեր) են հարկաւոր, բանակցային յուսալի միջազգային մեխանիզմներ»:
Հայաստանի վարչապետը անգամ մը եւս զգուշացրեց միջազգային հանրութիւնը՝ Ատրպէյճանի կողմէ հնարաւոր ռազմական գործողութիւններու մասին՝ ընդգծելով, որ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու անպատիժ խախտումները Ատրպէյճանը կը քաջալերեն նոր սադրանքներ կատարելու:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ունեցած յաւակնութիւններուն, եւ, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ատրպէյճան» ձեւակերպման: Ըստ Փաշինեանի՝ այս անհեթեթ խօսոյթը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ոտնձգութեան բացայայտ արարք է: «Եւ այս շարունակական, Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան իրաւունքը կասկածի տակ դնող քաղաքականութիւնն ու խօսոյթն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան չկարգաւորման պատճառը», յայտարարեց Փաշինեան:
Այսպիսով, ըստ Փաշինեանի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կարգաւորուիր, որովհետեւ Ատրպէյճան կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի գոյութեան իրաւունքը:
Աւելի ուշ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ Փաշինեան գրեց հետեւեալը. «Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ կը լինի խաղաղութեան պայմանագիր, եւ այն հիմնուած կը լինի բարձրագոյն մակարդակներում ձեռք բերուած պաշտօնական յայտարարութիւնների վրայ: Նոր էսկալացիա (մագլցում) չի լինի: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է վճռականօրէն աջակցի այս նարատիւին (պատմուին)», գրեց վարչապետը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, արձագանգելով Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, խորհուրդ տուաւ դասեր քաղել պատմութենէն, չխոչընդոտել 2020էն Ատրպէյճանի յառաջ մղած խաղաղութեան օրակարգը, ձեռնպահ մնալ թշնամական գործողութիւններէն, ինչպէս՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վրայ յարձակումները եւ միջամտութիւնը ներքին գործերուն: