Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի իրաւական եւ մարդու իրաւունքներու հարցերու յանձնաժողովը յայտարարութեան մը միջոցով կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ անյապաղ գործադրելու Լաչինի միջանցքը բանալու վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով ԵԽԽՎի յանձնաժողովի տարածած յայտարարութիւնը:
Կը նշուի, որ յանձնաժողովը մեծապէս մտահոգ է Լաչինի միջանցքի շարունակուող փակման պատճառով յառաջացող մարդասիրական ճգնաժամով:
«Այս միջանցքը կեանքի ճանապարհ է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ ապրողներուն միջեւ», կը յայտնէ յանձնաժողովը՝ աջակցութիւն յայտնելով ԵԽԽՎի համազեկուցողներուն կողմէ կատարուած հրապարակային յայտարարութեան, որուն միջոցով կոչ կ՛ուղղուի՝ շտապ գործողութիւններու ձեռնարկելու եւ անյապաղ վերջ դնելու Լաչինի միջանցքի անօրինական փակման:
«Յանձնաժողովը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ դիմելու քայլերու՝ հասցէագրուած Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ 22 Փետրուար 2023ին եւ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին կողմէ 21 Դեկտեմբեր 2022ին, որոնց որոշումներուն մէջ կը նշուի 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ Ատտրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւնը՝ «երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, երթեւեկութեան հաղորդակցութեան միջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժի ապահովութիւնը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
ԵԽԽՎի իրաւական հարցերու եւ մարդու իրաւունքներու հարցերու յանձնաժողովը նաեւ կը վկայակոչէ այս հարցին վերաբերող միջազգային այլ յայտարարութիւններ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած: