Իրենց ազգային խորհրդանիշներուն գիտակցութիւնը ունեցող ժողովուրդները իրենց ազգային օրհներգէն չեն հրաժարիր առանց ծանրակշիռ պատճառի, հոգ չէ, թէ անոր բառերը ժամանակավրէպ ըլլան եւ երաժշտութիւնը՝ պարզունակ, «Ազգային օրհներգ»ը ըստ կամս փոփոխելի փողկապ չեն նկատեր:
Մենք, իբրեւ ինքնուրոյն եւ ուրիշներէն բարձր ժողովուրդ, այլազանուելու պատրուակ ալ գտած ենք. «Մեր հայրենիք»ի երաժշտութիւնը հայկական չէ, իսկ բառերը թարգմանուած են», կը կրկնենք թութակաբար:
Արդ, երբ գիտենք, թէ եղանակին աղբիւրը անծանօթ է, ո՞վ կրնայ անհերքելի կերպով փաստել անոր օտար կամ հայկական ծագումը:
Բոլորովին յստակ է սակայն բառերու պարագան:
Արդարեւ, Միքայէլ Նալբանդեանի հարազատ կենսագիրներէն Ռուբէն Բերբերեան, Պոսթընի «Հայրենիք ամսագիր»ի 1929-1930 յաջորդական թիւերով անոր նուիրած բծախնդիր եւ լաւատեղեակ յօդուածաշարքին մէջ, մանրամասնութիւնները տալով կը հաստատէ, թէ «Մեր հայրենիք»ի բառերը ո՛չ թարգմանութիւն են, ո՛չ ալ նմանողութիւն, այլ՝ 1861ին յղացուած ինքնագիր ստեղծագործութիւն:
Յիշենք Միքայէլ Նալբանդեանի «Ազատութիւն» հանրածանօթ քերթուածը եւ այդ իտէալին նուիրած իր ամբողջ գործունէութիւնը: Եւրոպա ապաստանած ռուս, իտալացի, լեհ եւ այլ յեղափոխականներու հետ իր ունեցած կապերն ու գաղտնի գործակցութիւնը: Զէյթունի ապստամբութեան ի նպաստ նախաձեռնած իր քարոզչական աշխատանքը Նոր Նախիջեւանի մէջ: Այս պատճառներով ան արդէն իսկ ցարական ոստիկանութեան հսկողութեան տակ էր: 1862ին քննիչ յանձնախումբի կողմէ պիտի հարցաքննուէր, 1865ին աքսորի պիտի դատապարտուէր, ուր եւ յաջորդ տարին պիտի մահանար 36 տարեկանին:
Իր կողմէ տարրական զգուշաւորութիւնը կը պահանջէր, որ 1861ին գրած «Մեր հայրենիք»ը կոչէր (ցարական ոստիկանութիւնը համեմատաբար անտարբեր ձգող) «Իտալացի աղջկան երգը», ոչ թէ՛ իր անձին դէմ հալածանքը ինքնաբերաբար սաստկացնելու գնով՝ «Հայ աղջկան երգը»:
Չմոռնալ նաեւ, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրհներգը դառնալէ առաջ՝ հայրենի ժողովուրդը զայն կ’երգէր որպէս ազգային երգ:
Արդ, ներկայ Հայաստանի մէջ նոր օրհներգի հարց ստեղծելէ եւ այս առթիւ մրցոյթ յայտարարելէ առաջ, յանձնախումբի նախագահ տիկին նախարարուհին եւ գործակից այրերը նուազագոյն լրջութիւնը պէտք չէ՞ ունենային ուսումնասիրելու «Մեր հայրենիք»ի շուրջ գոյութիւն ունեցող բոլոր վկայութիւններն ու տուեալները: Առաջին հերթին վերասրբագրութեան ենթարկելով խորհրդային գրաքննութեան օրով Միքայէլ Նալբանդեանի երկերու եւ կենսագրութեան «սրբագրուած» հրատարակութիւնները, փոխանակ իւրացնելու հոն դիտումնաւոր ներմուծուած անթիւ սխալագրութիւնները: Եթէ այս տարրական զգուշաւորութիւնը կիրարկուէր, թերեւս առաջին օրէն վճռուէր, թէ բոլորովին կարիք չկայ նոր օրհներգ հնարելու: Մանաւանդ երբ անդին՝ անմիջական լուծումի սպասող անյետաձգելի հարցերը չեն պակսիր, – կաշառակերութիւն, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւում, արդարադատութեան անշեղ կիրարկում, ամէն մարզէ ներս միայն արժանաւորներու ընտրութիւն, եւայլն, եւայլն:
Մինչ ազգիս բանգէտները անվերջ կը քարոզեն՝ «Միութիւն, միութիւն», նոր օրհներգի համար ՀՀ Ազգային ժողովի եւ համապատասխան յանձնախումբի տրամադրած թանկագին ժամերէն դատելով, հայութեան արդէն իսկ ճոխ ներքին բաժանումներուն վրայ այժմ աւելցած են 3 նոր ենթաբաժանումներ.
Ա.- Բարեմիտները, որոնք երջանիկ կը զգան, թէ երկրին բոլոր կարեւոր խնդիրները լուծուած ըլլալու են: Կը մնայ միայն նոր օրհներգի հարցը:
Բ.- Պարզամիտները, որոնք սկսած են արտառոց հետաքրքրութիւն ունենալ, թէ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու եւ յանձնախումբի անդամներու քանի՞ տոկոսը ծանօթ է Մ. Նալբանդեանի բուն էութեան, մեր ազգային զարթօնքին մէջ անոր խաղացած հիմնական դերին: Նաեւ, թէ նոր օրհներգի հարցին իսկական պատճառը արդեօ՞ք, ըստ սովորութեան, այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ «ազգական-խնամի» քերթողի ու երգահանի փողկապը նորոգել:
Գ.- Իսկ իմաստուններու խումբն ալ կը կարծէ, թէ ապացուցելու համար, որ յառաջադէմ ազգ ենք, պէտք է հոգեկան, պատմական, հայրենասիրական եւ նման այլ կապերը խզենք յետամնաց 19րդ դարուն հետ: