Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Պարպրա Լիֆ, որ այցելած էր Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցած իշխանութեան եւ քաղաքական պատասխանատուներու հետ, հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այդ հանդիպումներու արդիւնքներուն:
Լիֆ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան համար Միացեալ Նահանգները յստակ թեկնածու մը չունին` աւելցնելով, որ այս առումով Ուաշինկթըն ոչ մէկ որոշում ունի:
Լիֆ նշեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահի ընտրութիւնը լիբանանցի երեսփոխաններուն պարտականութիւնն է, «եւ ցաւ ի սիրտ արդէն իսկ 5 ամիս անցած է նախագահական դատարկութեան փուլէն, եւ Լիբանան առանց նախագահի կը մնայ»:
Ան ըսաւ, որ երբ երկիրը հանրապետութեան նախագահ չունի, իր բոլոր լիազօրութիւնները վայելող կառավարութիւն մը գոյութիւն չ՛ունենար:
«Լիբանանի մէջ քաղաքական գործունէութիւնը ամբողջութեամբ թնճուկի վերածուած է, սակայն հարցին հանգուցալուծումը Միացեալ Նահանգներու պարտականութիւնը չէ, այլ` Լիբանանը ներկայացնող երեսփոխաններուն, որոնք պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարեն իրենց պարտականութիւնը», յայտնեց ան:
Լիֆ աւելցուց, որ Ուաշինկթըն պատկերացում մը ունի այն թեկնածուի յատկանիշներուն մասին, որուն Լիբանան կարիքը ունի: «Պէտք է ընտրել անձնաւորութիւն մը, որ ըլլայ բարոյականի տէր, պարկեշտ եւ երկրին ու ժողովուրդին շահերը նկատէ իր առաջնահերթութիւնը: Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ իր ամբողջ ներուժով աշխատի եւ իրագործէ վճռական բարեկարգումներ, զորս Լիբանան պէտք է գործադրէ` դուրս գալու համար այս ահաւոր տագնապէն», ըսաւ ան:
Լիֆ նկատել տուաւ, որ ամերիկացիները միշտ կը խորհրդակցին ֆրանսացիներուն եւ կարգ մը այլ երկիրներու հետ, «որովհետեւ մենք բոլորս մտահոգ ենք Լիբանանի դիմագրաւած տագնապով»:
Ըստ անոր՝ տնտեսական հսկայական տագնապներ դիմագրաւող Լիբանանի համար նախատեսութիւնները վտանգաւոր են, «Միջազգային դրամական հիմնադրամի ղեկավարին համաձայն», նշեց ան:
Լիֆ կարեւոր եւ անհրաժեշտ նկատեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան դիմաց զետեղուած արգելքներուն վերացումը, որպէսզի այդ ձեւով կարելի ըլլայ նաեւ կառավարութեան կարողութիւնները եւ լիազօրութիւնները բարելաւել: «Ժամանակը կը սպառի, եւ ասիկա էր հիմնական պատգամը, որ փոխանցեցի լիբանանցի ղեկավարներուն», եզրափակեց ան: