«Այսօր Ատրպէյճան-Հայաստան սահմանին ուղղութեամբ մենք շատ շահեկան դիրքեր ունինք», յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լաչինի շրջանին մէջ իր նորանշանակ յատուկ ներկայացուցիչ Մասիմ Մամետովի հետ հանդիպման ընթացքին։
Ըստ անոր՝ «իրենք այդ դիրքերուն մէջ կ՛ամրապնդուին եւ հոն ալ պիտի մնան»։
«Տարիներ շարունակ Հայաստան Լաչինի վերադարձը անթոյլատրելի կը նկատէր։ Բանակցութիւններու երկար տարիներուն ընթացքին միջնորդները մնայուն կերպով յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերէին Լաչինի շրջանին նկատմամբ, իսկ Հայաստան, ընդհանուր առմամբ, այդ շրջանը Ատրպէյճանին վերադարձնելը անթոյլատրելի կը նկատէր», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Սակայն հայերը չեն պատրաստուիր միւս շրջաններէն ալ հեռանալ: Այսօր` պատերազմէն երկուքուկէս տարի ետք, այդ մէկը բոլորին համար շատ աւելի ակնյայտ դարձած է: Միջազգային միջնորդներն ալ` ԵԱՀԿի նախկին Մինսքի խումբը, բանակցութիւններ վարելով, փաստօրէն կը փորձէին ամրագրել բռնագրաւման փաստը»։
Ալիեւի կողմէ Լաչինի շրջանին մէջ յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած Մամետով, ըստ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մօտիկ Caliber.az կայքին՝ 1 Մարտին Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ Խոճալուի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասնակցողներէն մէկն է: Այդ հանդիպման Մամետով կը մասնակցէր՝ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող բնական պաշարներու «ապօրինի շահագործում»ը հետաքննող ատրպէյճանական դիտարկման խումբի ղեկավար: