

Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էդգար Ղազարեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի (ՄԻՊ) խորհրդարանական ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն է: Ըստ «Ազատութեան»՝ ան վստահ է, որ ինք պիտի դառնայ յաջորդ պաշտպանը, թէեւ գիտէ, որ իշխանականներու ձայները աւելի շատ են:
«Իմ ընտրուելու շանսերը (կարելիութիւնը) մօտ են 100 տոկոսին», ըսաւ Ղազարեան` աւելցնելով. «Ազգային ժողովի գոյութիւն ունեցող երեք խմբակցութիւններից երկուսն առաջադրել են իմ թեկնածութիւնը»:
Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ իշխող խմբակցութեան պատգամաւորներու թիւը աւելի մեծ է ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու պատգամաւորներու թիւէն՝ Ղազարեան ըսաւ. «Դուք պատգամաւորների քանակը նկատի ունէք, ես խմբակցութիւնների քանակը նկատի ունեմ»:
Շուրջ երեք ամիսներէ ի վեր Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնը թափուր է: Նախկին պաշտպանը անսպասելիօրէն հրաժարական տուաւ Յունուարին, եւ իշխող խմբակցութիւնը ամիսներով թեկնածու չգտաւ: Քանի մը օր առաջ անոնք յայտարարեցին, որ իրենք կ՛առաջադրեն գլխաւոր դատախազի տեղակալ Անահիտ Մանասեանի թեկնածութիւնը:
28 Մարտին, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը պաշտօնապէս առաջադրեց իր թեկնածուն՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնաժողովին մէջ: Ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու թեկնածուն, այդուհանդերձ, կը կարծէ, թէ իշխանութիւնը քաղաքական շահը պէտք է մէկ կողմ դնէ եւ առաջադրէ իրենց թեկնածուն՝ հանրային շահերուն սպասարկելու համար:
«Մարդու իրաւունքների պաշտպանի մասին սահմանադրական օրէնքը նախատեսում է, որ Պաշտպանը պաշտպանում է մարդու եւ քաղաքացիների իրաւունքները իշխանութեան մարմինների գործողութիւններից: Եթէ նա առաջադրուած լինի կամ վայելի իշխանութեան վստահութիւնը, դա նշանակում է, որ կասկածի տակ է դրւում նրա ֆունկցիոնալ (գործառական) գործունէութիւնը` սահմանադրական ինստիտուտի (հիմնարկութեան), եւ անկախ իմ անձի հանդէպ, իմ հայեացքների հանդէպ իրենց ունեցած պատկերացումներից իրենք պարտաւոր են ընտրել ընդդիմութեան կողմից առաջադրուած թեկնածուին», ըսաւ Ղազարեան:
Իշխանական պատգամաւոր Թագուհի Ղազարեան հակադարձեց` պնդելով, որ խմբակցութիւնը յստակ դիրքորշում ունի եւ աւելցուց՝ ըսելով. «Ես ուրախ եմ Էդգար Ղազարեանի ներքին համոզմունքների համար, բայց պատասխանատու չեմ դրանց հետ կապուած, ինչպիսի համոզմունք որեւէ քաղաքացի ուզում է, կարող է ունենալ, մեր համոզմունքն է, որ հանրային շահը լաւագոյն կը սպասարկի այն թեկնածուն, որին մենք առաջադրում ենք: Մեր թեկնածուն շարունակում է մնալ Անահիտ Մանասեանը»:
34ամեայ Անահիտ Մանասեան մասնագիտութեամբ իրաւաբան է, դատախազութեան մէջ աշխատելու սկսած է չորս ամիս առաջ, աշխատած է նաեւ Սահմանադրական դատարանին մէջ, եղած է դատարանի նախկին նախագահի խորհրդական:
Ընդդիմութեան թեկնածուն` 47ամեայ Էդգար Ղազարեանը, 90ականներէն քաղաքական տարբեր պաշտօններ վարած է, Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմը ղեկավարելէ առաջ Լեհաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան եղած է, նաեւ Վայոց Ձորի մարզպետը: Վերջին տարիներուն, ան խիստ կերպով քննադատած է իշխանութիւնը, ինքնիրեն հռչակած էր վարչապետի թեկնածու՝ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելով:
Դիտարկման, որ քաղաքական դիրքորոշումը կրնայ խանգարել բոլորին իրաւունքները պաշտպանելուն մէջ ՝ Ղազարեան հակադարձեց, որ ինք 2014էն ի վեր հասարակական գործունէութիւն կը ծաւալէ: «Ոչ թէ քաղաքական դիրքորոշում, այլ հասարակական: Ես այն խորին համոզմանն եմ, որ Հայաստանում իշխանութեան ղեկին, մասնաւորապէս գործադիր իշխանութեան ղեկին յայտնուել է հայ ժողովրդի պատմութեան ամենամեծ թշնամին», ըսաւ ան:
Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նախագահ Թագուհի Թովմասեան, որ այսօր «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ տեղեկացուց ընդդիմութեան առաջադրման մասին եւ կասկածի տակ առաւ իշխանութեան թեկնածուին անաչառութիւնը:
Թեկնածուներու առաջադրումը ուշացաւ։ Ըստ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի մասին օրէնքին` լիազօրութիւններու վաղաժամկէտ դադրեցման պարագային պաշտպանի ընտրութիւնները կը կատարուին պաշտօնը թափուր մնալուն յաջորդող մէկ ամսուան ընթացքին: Մինչդեռ Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքը եռամսեայ ժամկէտ կը սահմանէ: Փաստացի օրէնքներուն մէջ հակասութիւններ կան: Իշխանական թեւէն կը փոխանցեն, որ ամենայն հաւանականութեամբ ՄԻՊի ընտրութեան հարցը պիտի ներառուի յառաջիկայ լիագումար նիստերու օրակարգին վրայ: Իշխանութեան ձայները բաւարար են իր թեկնածուն ընտրելու համար:
Նշենք, որ պաշտպանը կ՛ընտրուի վեց տարի ժամկէտով: