ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007-2008 ուսումնական տարուան համար պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ սփիւռքահայ ուսանողներու ընդունելութեան համար կառավարութիւնը պետական պատուէրի շրջանակներով յատկացուցած է 70 տեղ՝ մասնաւորապէս հայագիտական տարբեր ոլորտներու մասնագէտներ պատրաստելու նպատակով:
Նշենք, որ սփիւռքահայ ուսանողներու ընդունելութիւնը կը կատարուի՝ համաձայն օտարերկրեայ քաղաքացիներու կրթութեան կազմակերպման մասին կարգի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի հրամանով կազմուած յանձնաժողովի կողմէ մրցոյթային կարգով եւ անոնց փաստաթուղթերու քննարկման միջոցով: Անվճար տեղերու մրցոյթին կրնան մասնակցիլ այն անձերը, որոնք կը նախընտրեն մանկավարժական, հայագիտական, մշակութային ոլորտին առնչուող մասնագիտութիւններ:
Պետական պատուէրի տեղերէն բացի, սփիւռքահայ դիմորդները հնարաւորութիւն ունին ընդունուիլ նաեւ վճարովի համակարգ՝ նոյն կարգի համաձայն:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն փաստաթուղթերու ներկայացման ժամկէտը Յուլիս 1էն մինչեւ Օգոստոս 20ն է, իսկ յետաւարտական ուսման համար՝ մինչեւ Սեպտեմբեր 30ը:
Հայոց լեզուին բաւարար տիրապետելու եւ կրթական ծրագիրներուն յարմարուելու նպատակով սփիւռքահայ ուսանողները կ’ընդունուին համալսարաններու նախապատրաստական բաժանմունք՝ ուսուցման մէկ տարի ժամկէտով: Հայոց լեզուի եւ մասնագիտական նիւթերու բաւարար գիտելիքներու առկայութեան պարագային, անոնց հնարաւորութիւն կը տրուի ուսումը սկսիլ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ: