Չուրին հեղուկային վիճակը ամէնէն անանցանելի տեղերէն ներս սողոսկելու կարելիութիւնը կ’ընձեռէ իրեն: Չուրին այս յատկութիւնը երբեմն նաեւ վախ կը պատճառէ շէնքերու մէջ բնակող դրացիներուն, որոնք իրարու վրայ բարձրացած յարկերուն միջեւ խոնաւութեան նուազագոյն նշոյլը նշմարելով, ահազանգ կը հնչեցնեն, որպէսզի «ջուրը չհասած», նորոգութեան ենթարկուի հաւանական հոսքը անոր:
Չուրին այս «ճկունութենէն» մարդոց ունեցած վախին նմանութեամբ, տանտիկիններ կը վախնան նաեւ ճկուն մարմիններով փոքր կենդանիներէ եւ միջատներէ, որոնք դարձեալ անարգել կ’անցնին ամէն տեսակ դուռի տակէն ու կը մտնեն նոյնիսկ ամուր փակուած տուփերու մէջ: Չուրին տարբերութիւնը, սակայն, վերոյիշեալ արարածներէն կը կայանայ նաեւ իր ուժգնութեան մէջ: Չուրը ամէն թումբ խորտակելու հնարաւորութիւնը ունի իր ծանրութեամբ, հոսքին ստեղծած ուժով եւ նոյնիսկ իր յարատեւ կաթիլներուն «յամառութեամբ»:
Լեռնային կարգ մը շրջաններու մէջ, մինչեւ այսօր կարելի է տեսնել այնպիսի ժայռեր, որոնք միլիոնաւոր տարիներ առաջ ջուրին տակ եղած ըլլալով, ալիքներու աննահանջ հարուածներուն հետքերը կը կրեն: Կամ՝ ծովեզերեայ շրջանները տրուած կարճ շրջապտոյտ մը բաւական ըլլայ շուտով յայտնաբերելու այնպիսի մեծածաւալ ժայռեր, որոնց մէջ խոռոչներ բացուած են եւ, ծովուն ալիքը տակէն զարնելով, ժայռին վերի մասէն դուրս կը ցայտէ, կէտ ձուկերու գլխավերեւը գտնուող օդի շնչափողին նմանութեամբ: Ակնաղբիւրներու բերնին եւս կարելի է դիւրաւ նշմարել ջուրի մնայուն հոսքին հետեւանքով լեռնային քարին սահուն ու ողորկ դարձած երեսը, ապակիի բիւրեղութեամբ: Տակաւին, անձաւներու մէջ, շթաքարերէն հոսող անվերջանալի ջուրի համաչափ կաթիլներուն հետեւանքով, դարերու ընթացքին բնական աւազաններ գոյացած կ’ըլլան, հիացում պատճառելով տուեալ քարայրը այցելող զբօսաշրջիկներուն: Կարելի է դեռ երկարել շարքը ջուրին կատարած «գործերուն», տակաւին առանց յիշելու քարէն աւելի փափուկ նիւթերուն վրայ ունեցած իր ազդեցութիւնը եւ երբեմն գործած աւերները:
Չուրը նաեւ ինքնայայտնութեան «կարողութիւն»ը ունի: Անկարելի է զայն պահել: Չուրը ամբարելու համար ճիշդ է, որ զանազան նիւթերով ամաններ կը պատրաստուին: Կերպընկալէ շիշեր ու տարբեր տեսակի տակառներ, որոնց մէջ կարելի է որոշ ժամանակ պահել զայն: Սակայն երկար չեն դիմանար բոլոր տեսակի նիւթերն ալ, որովհետեւ ջուրը ինքզինք կը յայտնէ անպայման: Անիկա երբ «զայրանայ», յոռեգոյն պարագային ինքզինք կը յայտնէ նեխելով եւ պատճառ կը դառնայ զանազան տեսակի թռչող միջատներու եւ մժեղներու բազմացումին: Այս յատկութիւնը շատ նման է պարկին մէջ դրուած սուր դանակին, որ անպայման իր քիթը դուրս պիտի հանէ ու իր ներկայութիւնը արձանագրել տայ:
Չուրին այս յատկութիւնը փոխաբերական առումով երկիմաստ նշանակութիւն ունի նաեւ մարդկային կեանքին մէջ: Անոնցմէ առաջինը՝ կեանքի մէջ պատահած դժուարութեան մը ի վերջոյ գտած լուծումն է, իսկ երկրորդը՝ չարին վերջնական անկումն ու վախճանը:
Մարդ էակը անպայման դժուարութիւններու կը հանդիպի իր կեանքին մէջ: Չկայ մարդ, որուն կեանքը խոչընդոտներով խաչաձեւուած չըլլայ: Ամէնէն հեզասահ նկատուած կեանքի տեսակներն ալ ունին իրենց դժուարութիւնները, որոնց մէջէն կ’անցնին մարդիկ: Չուրին սահուն, լոյծ, թեթեւ ու մաքրողական յատկութիւնները լաւագոյն օրինակներն են կեանքի մէջ դժուարութեան հանդիպող մարդոց համար: Չուրը այս չորս յատկութիւններով մխիթարութիւն է տառապողներուն: Ան բոլոր տագնապողներուն համբերութեան կոչ կ’ուղղէ, որպէսզի յիշեն, թէ իր հոսքին նման, իրենց բոլոր դժուարութիւններն ալ լուծում պիտի գտնեն:
Չուրին ուսուցած այս բարոյական դասին դրական երեսը ներկայացնելէ ետք, անցնինք անոր բացասական պատկերի ներկայացման: Չուրը իր ճամբան կը գտնէ, կ’երթայ, այնպէս, ինչպէս բոլոր չարերը դէպի իրենց կորուստը կը դիմեն արագավազ: Չարիքը աւելի արագ է, քան բարիքը: Ասիկա մասնաւոր իմաստութիւն չ’ուզեր հաստատելու համար: Կը բաւէ միայն, որ ձեր շուրջը նայիք, կամ՝ ձեր արարքները քննարկումի ենթարկէք: Երբ բարիք պիտի գործէ անձ մը, շատ աւելի երկար ու հանդարտութեամբ կը խորհի անոր բերելիք նպաստներուն մասին: Քիչեր միայն անանձնական սիրով իրենց բարիքը կը գործեն, համաձայն «բարիք ըրէ, ծով նետէ» ժողովրդային առածին: Սակայն մարդիկ իրենց զայրոյթին մէջ յաճախ բարկութեամբ գրգռուած, անմիջապէս գործի կ’անցնին, երբ չարիք պիտի հասցնեն ուրիշին: Չարիքը մեծ քայլեր ունի, նման իր մեծ հետեւանքներուն: Երբեմն անոր հետեւանքները իրմէ աւելի մեծ կ’ըլլան: Սակայն, ամէն պարագայի, չարիքը պէտք չէ հատուցանել չարիքով, այլ ջուրին «խրատ»ը լսելով, պէտք է թողուլ, որ «հոսի» դէպի իր վախճանը: Ինչքան արագ՝ այնքան լաւ: Ուստի բնաւ պէտք չէ երկիւղ ունենալ չարագործութեան մը յարատեւութենէն կամ յամառ հարուածներէն, անիկա միայն ի հեճուկս չարին կ’ըլլայ, որովհետեւ ճամբան կը բանայ դէպի կորուստ: Չէ՞ք տեսած լեռներէն հոսող գետի մը շարժապատկերը: Ահեղավազ ջուրը երբեմն փոքրիկ քարերու կը հանդիպի, որոնք նախ կը դժուարանան քալելու իր հետ, կը մարտնչին, կը պայքարին ջուրին ողորկ թեւերուն դէմ, կը «համոզեն» որ ջուրը փոխէ իր մտադրութիւնը, սակայն ի վերջոյ չտոկալով անոր հարուածներուն, մէկդի կը քաշուին ակամայ, ճամբան բանալով անոր դիմաց դէպի անդունդն ի վար: Քաջ ու տոկուն նկարագրով մարդիկն են այդ քարերը, որոնք բարի կամեցողութեամբ յարատեւօրէն կը փորձեն ետ կեցնել չարը իր մտադրութենէն: Սակայն, վերջապէս իրենք ալ տեղի կու տան, ու չարը կը հասնի իր վախճանական նպատակին՝ ինքնակործանման:
Լեռնային նոյն ջուրը նաեւ անտառային աղբեր, ծառերու չորցած ճիւղեր ու տերեւներ իբր արգելք կը տեսնէ իր դիմաց: Անոնք ոչ թէ քարի ծանրութեամբ, այլ իրենց համեստ ուժերով կը փորձեն մաքառիլ ջուրի հոսանքին դէմ: Համեստ ու բարի մարդիկն են ասոնք, որոնք յաճախ կը վրիպին ամբարտաւան մարդոց ուշադրութենէն: Սակայն, անոնք եւս իրենց կարգին բարի կամեցողութեամբ կը փորձեն ետ կեցնել չարը իր կործանարար ընթացքէն, բայց ի զուր: Չուրը զանոնք մէկդի կը շպրտէ, իր ափունքի քարքարուտին մէջ «կը բանտարկէ» ու ինք կը շարունակէ իր քանդիչ առաքելութիւնը:
Այնպէս, ինչպէս տխուր է ջուրին այս ընթացքը, նոյնպէս ալ տխուր է չարին ընթացքը: Ուստի բարի կամեցողութեամբ մարդիկ, դժուարութեան մը դիմաց կանգնած, կամ չարին որոգայթներուն մէջ բռնուած, առանց վհատելու, զիրար քաջալերելով կ’ըսեն. «Ձգէ՛, ջուրը իր ճամբան կը գտնէ, կ’երթայ…»:
Այդ ջուրը մինչեւ հիմա շա՜տ հոսած է, ասկէ վերջ ալ պիտի հոսի, հաւատա՛: