«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ իրաւապահ մարմիններու եռօրեայ լռութիւնը 12 Ապրիլին խախտեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ ատրպէյճանցի զինուորներ հասան Հայաստանի տարածքի խորքը: Կատարուած քննչական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք, ըստ վարչապետին, Հայաստանի իրաւապահ մարմիները պարզեցին, որ անոնք իրենց դիրքերէն հեռացած են ճնշումներու ենթարկուելէ ետք: Այս մասին երկու օր առաջ յայտնեց Սիսիան համայնքի Աշոտաւան գիւղին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած ատրպէյճանցի զինուորը։
«Ադրբեջանի բանակի զինուորն ուղղակի փախուստի է դիմել իրենց դիրքերից իր ծառայակցի հետ` միւս համածառայակիցների կողմից ճնշումների եւ նուաստացումների ենթարկուելու պատճառով», խորհրդարանին մէջ յայտարարեց Փաշինեան:
Մինչ երեք օրերէ ի վեր, իրաւապահ մարմինները կը փնտռեն երկրորդ ատրպէյճանցին, պարզ դարձաւ, որ ան, ըստ Փաշինեանի, որոշեց վերադառնալ իր երկիրը: Սակայն Փաշինեանի խօսքէն պարզ չդարձաւ, որ վերջապէս ատրպէյճանցի զինուորը Սիսիանէն դարձեալ Նախիջեւա՞ն վերադարձաւ, թէ ոչ:
«Ըստ մեր ունեցած տուեալների` երկրորդ զինուորը, որ մինչեւ հիմա փնտռւում է, ինքը հէնց սահմանը հատելուց շատ չանցած` հէնց սահմանամերձ գիւղում ասել է, որ փոշմանել է եւ ուզում է վերադառնալ», ըսաւ Փաշինեան:
Ան պատասխան չունէր այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանցիները նախ հատեցին սահմանը, ապա խորացան Հայաստանի տարածքին մէջ` մինչեւ 20 քիլոմեթր: Քննութիւնը պիտի յստակացնէ այդ մէկը։
Ըստ «Ազատութեան»՝ թէեւ հայկական կողմին ունեցած տուեալներուն համաձակյն, ատրպէյճանցի երկրորդ զինուորը սահմանամերձ հատուածին մէջ դարձեալ Ատրպէյճան վերադառնալու փափաք յայտնած է, սակայն իրաւապահ մարմինները կը շարունակեն զայն փնտռել:
Պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արամ Թորոսեան12 Ապրիլին դիտել տուաւ, որ որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին։
«Առայսօր, սակայն, պաշտօնապէս չի յստակեցուել, որ արդեօք Հայաստանի տարածք ներթափանցել են միայն այդ երկու զինծառայողները, թէ խօսքն աւելի մեծ խմբի մասին է: Ամէն դէպքում Սիսիանի Բնունիս համայնքի բնակիչները խօսում էին երեքի մասին, պնդելով, որ տան տեսախցիկները ֆիքսել (սեւեռած են անոնց վրայ) են նրանց», կը գրէ «Ազատութիւն»ը։
Յստակ չէ նաեւ, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցին պիտի վերադարձուի՞, թէ ան պիտի փոխարինուի հայ գերիով մը։ Փաշինեան միայն ըսաւ, թէ զինուորը Ատրպէյճան վերադառնալու փափաք չէ յայտնած, երբ յայտնէ, այն ատեն կը քննուի հարցը։ «Ամէնեւին փաստ չէ, որ նա ցանկանում է վերադառնալ Ադրբեջան: Գիտէք, որ մեր միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւններով եթէ նման իրավիճակում յայտնուած մարդը չի ցանկանում վերադառնալ, մենք բռնի ձեւերով չենք կարող նրան ուղղակի վերադարձնել, գոնէ այս պահին այդպիսի ցանկութիւն զինուորը չի յայտնել: Եթէ յայտնի, այդ դէպքում արդէն մնացած հարցերը գուցէ քննարկելի կը լինեն», ըսաւ Փաշինեան: