«Ապրիլ» հրատարակչատան հրաւէրով երբ կը պատրաստուէի Քալիֆորնիոյ խոշորագոյն անգլերէն թերթին՝ «Լոս Անճելըս թայմզ»ին կազմակերպած գիրքերու 12րդ փառատօնին մասնակցելու, հակառակ հաստատութեան սեփականատէր Յարութիւն Երէցեանի հաւաստիացումներուն եւ ամերիկեան երկար կենսափորձիս, չէի կրնար պատկերացնել UCLA-ի կողմէ հիւրընկալուած զուտ գրական երկօրեայ փառատօնը այդպիսի տարածք ու բազմահոծ տարողութիւն պիտի ունենար։
Ու երբ Շաբաթ առաւօտ ժամը 9:30ին ճամբայ ինկայ դէպի UCLA, նոյնպէս չէի ակնկալեր, թէ 11ի ժամադրութեանս երեսուն րոպէով պիտի ուշանայի։ Իբրեւ ժամադրութիւնը յարգող ու չխախտող անձ, թերեւս այդ օր, ակամայ պատճառ դարձայ, որ ճիզուիթ ուսուցիչներուս ոսկորները շուռ գային իրենց դամբարանին մէջ։
Հի՛ն, անուշ օրերու յուշերով տարուած, մէկ առ մէկ չհամրեցի դիմացս ելլող փառատօնցիները, սակայն խոստովանիմ, թէ նոյնիսկ ֆութպոլի եւրոպական միջազգային խաղերուն այդքան բազմութեան չէի հանդիպած։ Եւ քանի որ ինքնաշարժիս կառավայրը կէս մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր, Նեղոսի ահագնութեամբ հոսող ամէն տարիքի ու սեռի խիտ բազմութիւնը ճեղքելու դժուարութեան կը մատնուէի ու յաճախ երթուղին եզերող խոնաւ մարգագետինը կը կոխկռտէի ազատօրէն յառաջանալու ու տեղ հասնելու համար։
Եկու՛ր ալ աճապարանքիդ մէջ ութ հարիւր մեծ ու փոքր կրպակներէն «հայկական»ը գտիր։ Պայուսակիս ծանրութենէն աւելի, հեւքոտ քայլերս ու անճարակութիւնս զիս գրեթէ շնչահեղձ կը դարձնէին։
Հրատարակիչս ուժասպառ վիճակս տեսնելով, ուշացումիս համար փոխանակ զիս կշտամբելու, կարեկցական նայուածքը յառեց վրաս ու քթին տակէն սկսաւ խնդալ…
– Ես քեզի չըսի՞ մը, որ 160 հազար այցելու կը սպասուի,-յիշեցուց՝ յայտնապէս զուարճացած իմ կերպարանքէս ու հրաւիրեց, որ նստիմ, պահ մը շունչ առնեմ, քիչ ետք յայտնելու համար՝
– Չորս յաճախորդ փախցուցի՛ր… եկան, սպասեցին ու մեկնեցան։
– Ես հոս չէի, բայց գիրքերս հոս էին…
– Դեռ չես հասկցած այս մարդոց մտայնութիւնը,- փորձեց բացատրել Երէցեան,- գիրքերու տօնավաճառ կու գան հեղինակին մակագրութիւնը ստանալու եւ հետը զրուցելու, շփուելու…,- ակնարկը շուրջը պտըտցնելէ ետք, յուզումով աւելցուց.- Մէյ մը չորս կողմդ նայիր ու մի ափսոսար… առասպել է հայերուս մօտ տիրող այն տեսակէտը, թէ տեղացին գիրք ու գրականութիւն չի կարդար…
Արդարեւ, մօտակայ կրպակները կը վխտային ամէն գոյնի ու տարիքի ընթերցողներով, որոնք հերթի կեցած էին իրենց սիրած հեղինակներուն գիրքերը ստանալու։ Եւ ամէն ճաշակի գիրքեր կը վաճառուէին։ Գիր ու գրականութեան հանդէպ անտարբեր մշակութասէ՛ր մեր ժողովուրդը կը բացակայէր փառատօնէն, եթէ չհաշուենք քանի մը իրաւ գրասէրները…
Օտար ընթերցողներուն անծանօթ գրողս մեծ արդիւնքի մը չէր սպասեր սա փառատօն կոչուածէն։ Ինչո՞ւ, հայ գրողը ե՞րբ այդ բախտը ունեցեր է որ… Եւ սակայն հրեայ ու օտար ընթերցողներ հետս զրուցելէ ետք կը գնէին գրքերը։ Եւ բոլորին շրթներէն կարծես նոյն հարցումը կախուած էր.
– Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ հայ երիտասարդ մը, Ափրիկէի խորերը կը խիզախի ու, ցեղասպանութենէ ճողոպրած իր ժողովուրդին ցաւերը ամոքելու փոխարէն, հայեացքը ափրիկեցիին ծով տառապանքին կը սեւեռէ…
– Որովհետեւ ցաւն ու տառապանքը յատուկ հաւաքականութեան մը մենաշնորհը չեն եղած… կ’ըլլար իմ պատասխանս,-թերեւս ալ իմ ժողովուրդիս ցաւերուն շարունակո՛ւմը, տարածո՛ւմը յայտնաբերեցի ափրիկեցիին ցաւին ու սեւ ճակատագրին մէջ։
Յաճախ կրկնուող ուրիշ հարցում մը.
– Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Ափրիկէ ուղեւորուեցար…
– Դրամ շահելու, հարստանալո՛ւ համար գացի,-պատասխանեցի,-մարդոց ծով տառապանքը ինծի մոռցուց առաջնահերթ նպատակս ու ակամայ ինքզինքս նուիրեցի բնիկներու ցաւը ամոքելու եւ մարդկութեան խիղճը արթնցնելու առաքելութեան…
Գիրքի վաճառքէն աւելի, ինծի պարտադրուած հոգեզննութի՛ւնը մտաւորական գետնի վրայ օգտակար դարձաւ ընթերցող-հեղինակ շփումը վերահաստատելու, բան մը, որ կարօտցեր էի, քանի որ մեր ժողովուրդը կռնակ դարձուցած է իր գրողներուն։ Յուսամ նման մտորումներով հայ գրողներուն թարգմանը եղած կ’ըլլամ։
Ամերիկայի մէջ յատկապէս, հայ գրչի մարդը բոլորէն լքուածի հոգեբանութեամբ կը քաշկռտէ ստեղծագործական իր կեանքը։ Չկարդացուելու, չհասկցուելու եւ չգնահատուելու բարդոյթներով կը գոյատեւէ ան։ Հայ կազմակերպութիւնները բոլորովին կ’անտեսեն զայն եւ եթէ տարին տասներկու ամիս «ցեղասպանութիւն» չհոլովէ, գիրքերը չվաճառուելէ զատ շնորհահանդէս մըն ալ կը զլացուի անոր։ Բոլոր այն կառոյցները, որոնք կրնային քաթալիստը դառնալ, բեկանիչը անկումային ներկայ իր հոգեվիճակէն դուրս բերելու հայ գրողն ու հայ հրապարագիրը, տեղի անտեղի «ցեղասպանութիւն» մոգական բառը գործածելով, ազգը փրկած ըլլալու խաբկանքը կ’ապրին առանց մշակոյթի, առանց հայ մտաւորականութեան եւ առհասարակ՝ առանց գիր գրականութեան։
Մենք մեր անտարբերութեամբ գերեզմանափո՞րը պիտի դառնանք սա փառապանծ մշակոյթին։
UCLA համալսարանի բացօթեայ տարածքին, Los Angeles Times-ի կազմակերպած գրքերու փառատօնը անգամ մը եւս փաստեց, թէ կայ նաեւ մի՛ւս ձեւը, գիրք քաջալերելու իրաւ մտաւորական, բարեկիրթ ձեւը։ Դեռ մտքերու մէջ թարմ է, թէ Յարութ Սասունեանն ու Հայ Դատի տղաքը, միատեղ, ինչպէս Փիթըր Պալաքեանին վերջին գիրքը պէսթ սէլլըր դարձուցին… Ճիշդ է, որ ցեղասպանութեան վերաբերող գիրքերը իրենց անուրանալի նպաստը կը բերեն Հայ Դատի ճանաչումին։ Սակայն, հայ գրողը պէտք չէ օտարին վրայ այն յոռի տպաւորութիւնը թողու, թէ Եղեռնի թեմայէն դուրս ըսելիք չունի ան։ Մեզի հրամցուող լալկան ու ողբարկու գրականութիւնը վերջին հաշուով պիտի յոգնեցնէ հայ, ինչպէս նաեւ օտա՛ր ընթերցողը հաւասարապէս։
Մշակոյթ ու գրականութիւն համամարդկային իրենց խորքով ու այլազանութեամբ կը կարեւորուին։ Los Angeles Times-ի յաջող փառատօնը անգամ մը եւս փաստեց անուրանալի այդ ճշմարտութիւնը։