
23 Ապրիլին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն մեկնարկեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական (ՀԵՄ) եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը, որ այս տարի կը կրէր «Մէկ հայրենիք, մէկ դատ, մէկ ճանապարհ՝ պայքար» կարգախօսը:
Նախքան երթի մեկնարկը, ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գոռ Սարգսեան:
Երթին մասնակցողները Հանրապետութեան հրապարակին վրայ այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները, ապա «Պայքար, պայքար, պայքար» վանկարկումներով՝ ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը: Երթը կ՛առաջնորդէին հոգեւոր դասը եւ Ս. խաչը. մասնակցողները բարձրացուցած էին դրօշակները այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ անոնք մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին: Անմար կրակին մօտ խոնարհեցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դրօշները:
Երթին մասնակցողները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

