
28 Ապրիլին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ այսպէս կոչուած «բնապահպանները», որոնք 12 Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր փակած են Լաչինի միջանցքը` Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը, ժամանակաւորապէս կը դադրեցնեն իրենց ցոյցը:
ԱՓԱ գործակալութիւնը կը նշէ, որ «բնապահպանները» Շուշիի շրջանին մէջ հանդիպում ունեցան Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչին հետ, որ ըսաւ, թէ Ապրիլ 23էն սկսեալ նոր իրավիճակ ստեղծուեցաւ, Պետական սահմանային ծառայութեան ստորաբաժանումները անցակէտ տեղադրեցին Հայաստանի հետ սահմանին, առ այդ, մասնակցողներուն առաջարկեցին դադրեցնել ցոյցը։
«Թերթ»ը կը տեղեկացնէ, թէ անոնց հեռանալէն ետք ալ Արցախը պիտի շարունակէ շրջափակման մէջ մնալ՝ նկատի ունենալով, որ ատրպէյճանցիները փակեցին Արցախ-Հայաստան սահմանագիծին վրայ գտնուող Հակարիի կամուրջը, ուր անցակէտ տեղադրեցին:
«Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքին մէջ «բնապահպաններուն» կողմէ ցոյցի դադրեցումով իրավիճակը պիտի չփոխուի։
««Էկոակտիւիստներ»ը իրենց երկու գերնպատակերն իրականացրել են. մէկը` Արցախի շրջափակում, պաշարում, միւսը` Լաչինի միջանցքը վերածել «անցուղի»ի: Փաստօրէն նման վարքագծով լուրջ հարուած են տուել Ռուսաստանին, դանակահարել են Ռուսաստանին, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեանը: Ադրբեջանն իր նպատակն իրականացրել է: Այդ չարաբաստիկ անցակէտը, որը կախաղան է, դրել են, հիմա այլեւս իմաստ չկայ կանգնելու: Այնպէս է, որ նրանք կարող են ցանկացած պահի փակել միջանցքը», յայտնեց ան։
Բաբայեան դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանական անցակէտը տեղադրելու աշխատանքներ կը տարուի, ամէն ինչ պատրաստ է իրենց կողմէ։ «Անցակէտի տեղադրումով է պայմանաւորուած ակցիայի (ցոյցի) դադարեցումը: Հիմա ուզում ենք հասկանալ, թէ այդ միջանցքն ի՞նչ է դառնում», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական կողմը կը շարունակէ՞ բանակցիլ ատրպէյճանական կողմին հետ՝ Բաբայեանը ըսաւ. «Ասում են, որ շարունակում են: Յստակ չեմ կարող ասել: Սա վերեւում է որոշւում, սա հին կամ նոր հրամանատարների խնդիրը չէ»: