Եօթներորդ արուեստի՝ շարժապատկերի աշխարհին մէջ կայ «խենթ» մը, որ քանի մը տարին անգամ մը վաւերագրական ժապաւէն մը հրապարակ նետելով՝ փոթորիկ կը ստեղծէ քաղաքական աշխարհին մէջ, կը խռովէ պետական պատասխանատուներու եւ անոնց ետին կանգնող մեծ-մեծ ընկերութիւններու վարիչներուն քունը, պէտք է ըսել նաեւ, որ բաւական դրամ կը շահի, որպէսզի ֆինանսաւորէ իր յաջորդ «արկածախնդրութիւնը»։
Ան կը կոչուի Մայքըլ Մուր. անոր նորագոյն «ռումբը» վաւերագրական ժապաւէն մըն է, կը կրէ «Սիքօ» խորագիրը եւ շարժապատկերի սրահներ մուտքէն շաբաթներ առաջ իսկ մեծ աղմուկ բարձրացուց. հիմա, երբ արդէն ցուցադրութիւնը սկսած է, արձագանգները կը տարածուին խաղաղ լիճի մը մէջ նետուած քարի մը ալիքներուն պէս։
Նախորդ երկու զգայացունց եւ խնդրայարոյց ժապաւէնները կը կոչուէին «Պոլինկ ֆոր Քոլոմպայն» եւ «Ֆերընհայթ 9/11»։ Առաջինը մարտահրաւէր մըն էր Միացեալ Նահանգներու մէջ զէնքերու ըստ բաւականին անհակակշիռ վաճառքին դէմ, իսկ երկրորդը յանդուգն հարցադրումներու կ՚ենթարկէր 11 Սեպտեմբեր 2001ի ծանօթ ահաբեկչական արարքներուն յետ-զարգացումները։ Ժապաւէնները արժանացան միջազգային մրցանակներու եւ օսքար մը ապահովեցին վաւերագրող «խենթ»ին։ Այդ հանգրուաններուն, թեր ու դէմ շատ բան ըսուեցաւ-գրուեցաւ այդ ժապաւէններուն մասին։ Նոյնը կը պատահի նաեւ այս անգամ, այն տարբերութեամբ, որ Մուրի «Սիքօ»ն կ՚արծարծէ հարց մը, որ շատ աւելի ուժեղ կը հնչէ ամերիկացի զանգուածներուն ականջներուն ու… գրպանին, այնպիսի հանգրուանի մը, երբ երկիրը թեւակոխած է տնտեսական անկումի շրջան մը եւ անոր անդրադարձները օր ըստ օրէ աւելի կը ճնշեն սահմանափակ եկամուտով պաշտօնեաներու-աշխատաւորներու ապրուստի միջոցներուն վրայ։
Ժապաւէնին նիւթն է ամերիկացիին առողջապահական ապահովագրութեան թղթածրարը, որ տարուէ տարի աճող տագնապի մը կը վերածուի մէկ կողմէ՝ բժշկական խնամքի յարաճուն սղութեան (հիւանդանոց, ապահովագրութիւն…), իսկ միւս կողմէ՝ դեղեր արտադրող ընկերութեանց անհակակշիռ շահամոլութեան պատճառով։ Կան նաեւ բազմաթիւ այլ պատճառներ, որոնց միջեւ կ՚երթեւեկէ Մուրի ոսպնեակը, մերթ դառն ծիծաղ, յաճախ նաեւ արդար զայրոյթ ստեղծելով դիտողին մօտ։
Հարցը ունի երկու երես. մէկը կը վերաբերի այն «դասակարգին», որուն թիւը կը հասնի 47-48 միլիոնի եւ որոնք ապահովագրութիւն չունի. այս «խմբակը» տարին շուրջ 18 հազար զոհ կու տայ, որովհետեւ հիւանդանոցային-բժշկական խնամքի իրաւունքը խլուած է անկէ. եթէ ապահովագրուած չես, ուրեմն ոչ մէկ բժիշկ կամ հիւանդանոց պատրաստ է դարմանելու քեզ )խօսքը չի վերաբերիր ազնուասիրտ փոքրամասնութեան մը, որմէ բարեբախտաբար չէ զրկուած մարդկային ցեղը նաեւ այս երկիրին մէջ(. ի՜նչ փոյթ, որ բժշկութեան ասպարէզին ծնունդէն ի վեր, շրջանաւարտ բժիշկներ երդում կու տան, որ իրենց համար նախապատիւը մարդկային կեանքն է եւ ոչ թէ նիւթը՝ դրամը։ Հիմա, այդ դարաշրջանը իրողապէս անցեալին կը պատկանի։
Երկրորդ «դասակարգը» կը հաշուէ շուրջ 250 միլիոն մարդ. ասոնք ապահովագրուած են, եւ սակայն անոնց առողջապահական կարիքները երաշխաւորող ընկերութիւններուն մեծ մասը, մինչեւ անգամ պետական իշխանութիւնները կը գործեն «աշխարհը դմակ, ձեռքիդ դանակ» տրամաբանութեամբ, այսինքն, չեն վարանիր ապահովագրեալները երեսի վրայ ձգելու, եթէ անոնք մեծածախս դարմանումներու կարօտին օր մը։
«Սիքօ» ժապաւէնը միայն հպանցիկ կերպով կ՚անդրադառնայ ապահովագրութիւն չունեցողներուն. Մուր նախընտրած է լուսարձակի տակ բերել միւս զանգուածին ապրած ողբերգութիւնները, անոնց՝ որոնք ապահովագրութեան համար վճարած ըլլալով հանդերձ, ճակատագրական պահուն «օրինական» պատճառներով կը զրկուին դարմանումի միջոցներէ, կամ՝ դարմանումի ծախսերուն գումարը կ՚ըլլայ այնքան մեծ, որ ենթակային բաժին ինկած մասը բաւարար է զայն սնանկութեան մատնելու…
Ժապաւէնին «դերակատարները» իսկական մարդիկ են, դժբախտներ, որոնք արկածի կամ ծանր հիւանդութիւններու հետեւանքով դարձած են ապահովագրութեան ու խնամք տրամադրող ընկերութեանց-հիւանդանոցներու խաղալիքը։ Անոնց շարքին են այնպիսիներ, որոնք կամաւորաբար փրկարար աշխատանք տարած են Նիւ Եորքի ծանօթ դէպքերէն ետք, այդ աշխատանքի պայմաններուն հետեւանքով հիւանդացած են եւ սակայն լքուած են անտէր, որովհետեւ որեւէ ընկերութեան անուան տակ չէին արձանագրուած ու հետեւաբար, ոչ ոք ինքզինք ստիպուած կը զգայ անոնց հոգը կրելու, մինչեւ իսկ պետական իշխանութիւնները։ Մուրի դառն երգիծանքը կը հասնի հոն, ուր ան նման դժբախտներու խումբ մը նաւերով Կուանթանամոյի ամերիկեան բանտ-խարիսխը կը տանի, լսելէ ետք պետական պատասխանատուներու այն վկայութիւնները, թէ հոն բանտարկուած ահաբեկիչները կ՚արժանանան բժշկական բնականոն խնամքի…։
ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ
Ժապաւէնը առաջին հարթակին վրայ կը ներկայացնէ տասնեակ մը ողբերգական պարագաներ, որոնք նիւթական տագնապի մատնած են դարմանումի կարօտ միջին մարդիկ, կամ՝ մանուկներ ու երիտասարդներ մահացած են հիւանդանոցային կամ ապահովագրական յելուզակութիւններու հետեւանքով։ Հանդիսատեսը իրազեկ կը դառնայ վիպական պատահարներու, սակայն կ՚ըմբռնէ, թէ անոնք իրական են, վաւերագրուած։
Այս մակարդակին վրայ, նմանապէս հպանցիկ ակնարկութիւններով կը ներկայացուի հանրային առողջապահութեան հոգածութիւն կոչուած հսկայական գործառնութիւն մը՝ պիզնէս մը. ժապաւէնը չի խօսիր մանրամասնութիւններու մասին ու չի յիշատակեր, որ այս պիզնէսի կալուածին տարեկան պիւտճէն կը հասնի 2 եռիլիոն )թրիլիըն( տոլարի. այս աստղաբաշխական գումարին մէկ «բեկորը»՝ շուրջ 200 երկիլիոն )պիլիըն( տոլարի բաժինը «կը մսխուի» համակարգիչներու օգտագործումով կատարուած զեղծումներու ճամբով, իսկ մօտաւորապէս 1.2 եռիլիոնը ընկերութեանց «միջնորդչէք»ին բաժինն է )ամէնէն քաղաքավար բառերը գործածելով(։
Երկրորդ մակարդակը՝ ժապաւէնին խորքը՝ ընկերաբանական ու գաղափարական է։ Բեմադրիչ-վաւերագրողը միայն հպանցիկ ակնարկութիւններով յառաջ կը բերէ այդ խորքը, անկէ անդին վստահելով հանդիսատեսին առողջ դատողութեան։ Այս երեսը կը ներկայանայ՝ աշխարհի այլ զարգացած կամ նուազ բարգաւաճ երկիրներու ապահովագրութեան դրութեանց հետ կատարուած բաղդատականներով։ Փաստացի օրինակներով կը ներկայացուին Միացեալ Նահանգներու հիւսիսի դրացիին՝ Քանատայի, ամէնէն մօտիկ դաշնակիցին՝ Բրիտանիոյ, մերթ սիրելի, մերթ ատելի Ֆրանսային, ապա նաեւ Պաղ պատերազմի օրերէն ի վեր յարատեւ նշաւակ՝ Քուպային։ Ամերիկացի հանդիսատեսը երանութեամբ կը ծանօթանայ )եթէ մինչ այդ միայն հպանցիկ տեղեկութիւն ունէր( թէ այդ երկիրներուն մէջ հիւանդը, արկածահարն ու ֆիզիքական ցաւի մատնուածը նախ եւ առաջ մարդ են եւ ոչ թէ թիւ )նաեւ դրամական գումարի իմաստով(, թէ՝ բժշկական խնամքը իւրաքանչիւր անհատի տարրական իրաւունքն է, կան Միացեալ Նահանգներէն նուազ հարուստ երկիրներ, որոնք ձեւը գտած են իրենց քաղաքացիներուն, բոլո՛ր քաղաքացիներուն այդ իրաւունքը ապահովելու, որդեգրելով իսկական ժողովրդավարութեան ու իսկական ընկերվարութեան ընձեռած բարիքները, ոչ՝ այն ժողովրդավարութեան ու ընկերվարութեան, որոնք աղճատումով կը ներկայացուին այս ու այլ երկիրներու քաղաքացիներուն, անոնք կը նոյնացուին համայնավարութեան ու անոր կրած ձախողութեան հետ։ Ամերիկացի հանդիսականը տակաւին ականատես կ՚ըլլայ այնպիսի իրականութիւններու, որոնք կրնան երազային թուիլ եւ սակայն իրական են. ան կ՚իմանայ, թէ ֆրանսացի աշխատաւորն ու պաշտօնեան, համահաւասար բժիշկին ու ճարտարապետին, տարին առ նուազն հինգ շաբաթ արձակուրդի տարրական իրաւունքը ունի, կրնայ մարդկօրէն ընկալուիլ զինք գործի կոչող հաստատութեանց կողմէ, երբ անակնկալներու կը մատնուի ու առողջական հարցեր կ՚ունենայ։ Աւելին, իրազեկ կը դառնայ, թէ իր երկրին մէջ, մեծ ու նուազ մեծ ընկերութեանց բարձրաստիճան պաշտօնատարները, պետական մարդիկը կը վայելեն առողջապահական ապահովագրութեան քրէմը, անոնք փաստօրէն կը կաշառուին – օրէնքով կը կաշառուին -, որպէսզի մշակեն այնպիսի օրէքներ, որոնք կ՚երաշխաւորեն մեծ ընկերութեանց ու առողջապահական հաստատութեանց շահերը, կամ՝ կը վիժեցնեն այնպիսի օրէնքներ, որոնք կը խոստանան զանգուածներու տարրական իրաւունքները վերադարձնել անոնց։ Այս բոլորը՝ սկսեալ 60ական տարիներէն, զարգացում՝ որ 80ականներէն ասդին ընթացած է ի նպաստ յիշեալ ընկերութեանց։ Իշխանաւորներն ու անոնց զօրավիգ եղող ընկերութիւնները նոյնպիսի վարպետութեամբ եւ միշտ օրէնքներու մշակումով կը ջլատեն այս ընթացքը յեղաշրջելու կամ եղաշրջելու ամէնէն պարզունակ փորձերն անգամ. նուազագոյն պրպտումը ընթերցողիս դիմաց պիտի պարզէ դժբախտ այլ իրականութիւն մը. 1970ական տարիներու վերջերուն, այս երկրին մէջ աշխատաւորական իրաւունքներ պաշտպանող ընկերակցութիւնները, համադաշնակցութիւններն ու խմբակցութիւնները կը հաշուէին աշխատուժին շուրջ 43 առ հարիւրը, 2005ին, համեմատութիւնը իջած էր 19 առ հարիւրի։ Աշխարհի Դրամատան պէս հաստատութիւններ կը քաջալերեն իրենց հետ գործակցող երկիրները՝ սահմանափակելու աշխատաւորներուն իրաւունքները, որպէսզի… խնայողական ըլլան։
Ժապաւէնի «դերասաններէն»ն մէկը կը նշմարէ, որ յատկապէս Ֆրանսայի եւ առհասարակ նման զարգացում ապրած այլ երկիրներու մէջ, ժողովուրդը իր ցոյցերով ու հրապարակային յախուռն ելոյթներով աւելի՛ ազատօրէն կ՚արտայայտէ իր կարծիքը, կը պաշտպանէ իր իրաւունքները, քան ժողովրդավարութեան դրօշակիր ճանչցուած Միացեալ Նահանգներու բնակչութիւնը, որ կը վախնայ իր պոսերէն, միչդեռ Ֆրանսայի պէս երկրի մը մէջ, պետական մարդիկն են, որ կը վախնան ժողովուրդի ցասումէն։
Ժապաւէնը այլ ընդհանրացումներու չ՚երթար. անոր հիմնական նպատակն է ցոյց տալ, ըսել, թէ Միացեալ Նահանգներու պէս երկիր մը, հզօրանքներով օժտուած երկիր մը շատ դիւրին կերպով պիտի կարենար հանրային առողջապահութեան այս թնճուկը լուծել, եթէ մարդկայնութիւնը քիչ մը գերակշիռ ըլլար, եթէ չմսխուէին այդ հզօրանքները…
Ժապաւէնը դիտելէ ետք, հանդիսատեսը չ՚ունենար այն պատրանքը, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէն բան վատ է, իսկ անկէ դուրս՝ ամէն բան լաւ։ Այլ ան սրահէն կը մեկնի կազմակերպուած չարաշահութեան մը վկան ըլլալէ ետք։
Կարգ մը մեկնաբաններ կը հաւատան, որ նման յանդուգն արտայայտութիւններ, մանաւանդ նման նիւթ արծարծելով՝ կրնան ներգործութիւն ունենալ դէպքերու յառաջիկայ ընթացքին վրայ, ստեղծուած ալիքը կրնայ բարձրանալ, եթէ ներգրաւէ ժողովրդային մասնակցութիւն։
Ուրիշներ դժբախտաբար աւելի իրապաշտ մօտեցում ունին. անոնք կ՚ըսեն, որ բոլոր բնակիչներուն առողջական ապահովագրութիւն խոստացող HR 676 օրինագիծը, որ կը դեգերի խորհրդարանի քուլիսներուն մէջ, ցարդ միայն 74 ստորագրութիւն ապահոված է եւ կեանքի կոչուելու մեծ յոյս չունի, ինչպէս եղած է ճակատագիրը մեծ ընկերութեանց շահերուն սպառնացող նախընթաց շարք մը օրինագիծերու։ Պետութեան ամէնէն բարձրաստիճան պատասխանատուները դարձած են սեփական մարզի զարգացման ջատագովները, որովհետեւ անոնց շահերը կը զուգորդուին յիշեալ ընկերութեանց շահերուն հետ։
Այլ խօսքով, քար նետող խենթին ու հազար խելօքի մասին ժողովրդային առածներու իմաստութիւնն ալ դարձած է ժամանակավրէպ, ինչպէս կարգ մը իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու հետապնդումը։ Լիճին մէջ նետուած քարը կրնայ ալիքներ ստեղծել, յետոյ, լիճը չի դադրիր լիճ ըլլալէ։