
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ներսեհ վարդապետ Խալաթեանի ստեղծագործութիւններու անդրանիկ անհատական ցուցահանդէս-վաճառքը տեղի պիտի ունենայ 17էն 19 Մայիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ:
Առաջնորդարանին հասցէն` 3325 N. Glenoaks Blvd, Burbank, CA 91504։
Ներսեհ վարդապետ Խալաթեան ծնած է Թիֆլիս, 1972ին:
1989-95ին յաճախած է Սուրբ Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանը եւ 1995ին նշանակուած է Գանձատան տնօրէն:1996ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, ապա նշանակուած է Մայր աթոռի թանգարաններու տնօրէն: 2000ին եղած է Ս. Գայիանէ վանքի վանահայր, իսկ 2002ին՝ Ս. Գեղարդավանքի վանահայր:
2006ին նշանակուած է Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ հայրապետական պատուիրակի Փոխանորդ, իսկ 2009ին Ս. Հաղարծին վանքի վանահայր:
2011էն ի վեր նաեւ քահանաներու պատրաստութեան լսարանի տեսուչն է, իսկ 2016էն ի վեր՝ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ:
Ան մասնակցած է շարք մը խմբային ցուցահանդէսներու, իսկ անոր ստեղծագործութիւնները կը պահուին Մայր աթոռի Գանձատան, Դիւանատանը եւ Մատենադարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին եւ անհատական այլ հաւաքածոներու մէջ: