

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ իրականացուող Սփիւռքի հետազօտական ծրագիրի նորագոյն արդիւնքները, որոնք հիմնուած են 2021ին եւ 2022ին աշխարհի տարածքին կատարուած հարցախոյզներու վրայ, արդէն իսկ հասանելի են կայքին միջոցաւ:
Հայկական Սփիւռքի հարցախոյզին (Armenian Diaspora Survey) նպատակն է՝ խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքին վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը` բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին: Անոր տնօրէնն է «Օքսֆորտ» համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան:
Ընդհանուր հարցախոյզը հիմնուած է 9 երկիրներու 50 համայնքներու մէջ ապրող մօտաւորապէս 12,000 հայերու հարցախոյզներուն վրայ։
Հարցախոյզներուն մասնակցողները պատասխանած են ինքնութեան, լեզուի, մշակոյթի, համայնքային եւ քաղաքական գործունէութիւններու եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումներու:
2021ին, հարցախոյզը իրականացաւ Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ, իսկ 2022ին` Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ, իսկ նախապէս հարցախոյզներ կատարուած էին Արժանթինի, Լիբանանի, Ռումանիոյ եւ դարձեալ Գանատայի մէջ:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան ողջունեց հարցախոյզին այս հանգրուանին յաջող ամբողջացումը՝ ուսումնասիրութիւնը Հայկական Սփիւռքի պատմութեան համար յոյժ կարեւոր աղբիւր մը համարելով զանազան մասնագիտութիւններ ունեցող գիտաշխատողներուն համար: