Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Lider Haber TV-էն յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման նպաստելու համար Թուրքիան որոշ ժեսթեր ըրած է, սակայն Հայաստան հերթական անգամ ցոյց տուած է, որ այդ գործընթացին մէջ անկեղծ չէ` տեղադրելով »Նեմեսիս«ի յուշարձանը:
«Անոնց (հայկական կողմին) ըսինք` եթէ արձանը չհանէք, կարգաւորումը չէ, այլ աւելին` պատասխան քայլերու ալ կը դիմենք», ըսաւ ան:
Նշելով, որ այդ յուշարձանի տեղադրումը Թուրքիոյ համար անընդունելի է, Չաւուշօղլուն անհիմն նկատեց հայկական կողմին պարզաբանումները, թէ անիկա տեղադրուած է քաղաքային իշխանութիւններուն կողմէ:
«Մենք անհրաժեշտ պատգամներ ուղարկեցինք` թէ՛ մեր յատուկ ներկայացուցիչին միջոցով, եւ թէ այլ խողովակներով: Մեր տուած որոշումէն ետ քայլ ընելու մասին խօսք չկայ: Մենք կը սերտենք յաւելեալ միջոցներու ձեռնարկելու հարցը, կ՛աշխատինք անոնց վրայ, եւ կը ներկայացնենք նաեւ նախագահին», ըսաւ Չաւուշօղլու:
Ան նշեց, որ ամէն օր Թուրքիոյ տարածքով թռիչքներ կը կատարուէին, սակայն անոնք ներկայիս դադրեցուած են: «Թող մեզմէ չնեղանան, բայց մեր օդային տարածքը փակ է նաեւ յոյժ կարեւոր անձերու համար: Մենք (օդային տարածքը) փակած ենք նաեւ Փաշինեանի օդանաւին համար», յայտնեց Չաւուշօղլուն` ընդգծելով, որ միակ բացառութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահին օդանաւին համար, որովհետեւ ան Անգարայի մէջ պիտի մասնակցէր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան համաժողովին, որուն հիւրընկալող կողմը Թուրքիան էր: