Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարներ Վահէ Գէորգեան եւ Վահան Կոստանեան 8 Մայիսին ընդունեցին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին 1-4 Մայիսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն վերաբերեալ:
Անոնք անգամ մը եւս ներկայացուցին հայկական կողմին դիրքորոշումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ սկզբունքային խնդիրներու վերաբերեալ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմանի յայտարարութեան խախտմամբ Լաչինի միջանցքի շարունակուող արգելափակման եւ Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամին` վերահաստատելով Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ հետաքրքրուած գործընկերներուն կողմէ գործուն քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: