«Ֆայնենշըլ Թայմզ» (The Financial Times) բրիտանական թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Կիրակի օրը, Պրիւքսէլի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը:
Հանդիպումը նախապատրաստող պաշտօնեաներէն մէկը թերթին ըսաւ, որ այս հանդիպումը յառաջընթացի կարեւոր նշան է՝ ընդգծելով, որ Ուաշինկթընի քառօրեայ բանակցութիւններէն ետք Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները փոխադարձաբար իրենց ջանքերը կ՛ամրապնդեն՝ զիրար լրացնող երկկողմ գործընթացներով:
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»ի՝ երեք առաջնորդները 1 Յունիսին անգամ մը եւս հանդիպում պիտի ունենան Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, Մոլտովայի մէջ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ:
Երեւան եւ Պաքու չմեկնաբանեցին այս տեղեկութիւնը:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄՈՍԿՈՒԱ
Մինչ այդ, Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով, 8 Մայիսին, աշխատանքային այցելութեամբ հասաւ Մոսկուա:
Փաշինեան ներկայ պիտի գտնուի 9 Մայիսին տեղի ունենալիք Հայրենական մեծ պատերազմի Յաղթանակի օրուան նուիրուած նախաձեռնութիւններուն:
Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Փրակ տուած այցելութեան ընթացքին Հայաստանի վարչապետը յայտնած էր, որ այս շաբաթ պիտի այցելէ Մոսկուա՝ առանց մանրամասնութիւններ տալու: