Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Ալեքսանտր Լենցով չկրցաւ յաջողութեան հասնիլ Պաքուի հետ ունեցած իր քննարկումներուն ընթացքին: Ըստ «Ազատութեան»՝ այս մասին յայտնեց Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:
Լենցով անցեալ շաբաթ գացած էր Պաքու՝ քննարկելու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
«Քննարկումների արդիւնքներով իրավիճակի դրական փոփոխութեան եւ 2020թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած պայմանների վերականգնման շուրջ պայմանաւորուածութեան հասնել չի յաջողուել», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Ներսիսեան:
Ան նաեւ կը յայտնէ, որ մօտիկ ապագային կը նախատեսուի նոր հանդիպում՝ առանց յայտնելու, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ: