Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանը ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվընը, հաղորդեց սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնները եւ տարբեր ոլորտներու մէջ զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Արծարծուեցան նաեւ շրջանային եւ միջազգային հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող զարգացումները:
Ամերիկեան կողմէն հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սէուտական Արաբիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Ռաթնի, Ազգային ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերու համակարգող Պրեթ ՄըքԿըրք, ուժանիւթի հարցերու համակարգող Էյմըս Հոքշթայն եւ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի աւագ խորհրդական Արիանա Պերնճաութ: