Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի, Մարտակերտ եւ Ասկերան շրջաններու գիւղական համայնքներու բնակիչները առիթը պիտի ունենան օգտուելու բժշկական շարժական նոր ծառայութիւններէ։
«Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան նախաձեռնութեամբ՝ մեկնարկած է Արցախի երեք շրջաններու գիւղական բնակավայրերուն բժշկական ծառայութիւններու հասանելիութեան ապահովման ծրագիրը, որուն հիմնական գործընկերներն են «Հենար» բարեգործական հիմնադրամը եւ Sante Armenie միաւորումը։ Ծրագիրը կ՛իրականացուի Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ։
Ծրագիրին նպատակն է՝ բժշկական խմբակներու գործարկման միջոցով, գիւղական վայրերու մէջ բնակողներու առողջութեան պահպանման ծառայութիւնները աւելի հասանելի դարձնել։
Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած ժամանակացոյցով, անհրաժեշտ բոլոր բժշկական սարքերով յագեցած ինքնաշարժը 3 Մայիսէն ի վեր անհրաժեշտ ծառայութիւններ կը մատուցէ բնակիչներուն։
Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած ընտանեկան բժիշկները Յունուարէն Ապրիլ ինկած ժամանակահատուածին, յատուկ մասնագիտական վերապատրաստում անցուցին։ Անոնք մասնաւորապէս կը մատուցեն դարմանիչ ծառայութիւններ, կ՛իրականացնեն ընդհանուր ստուգիչ հետազօտութիւններ, առաւել տարածուած վարակիչ եւ ոչ-վարակիչ հիւանդութիւններու յայտնաբերումի, կառավարումի եւ անոնց վերահսկումի կողքին։ Բացի այդ, շարժական խմբակներուն ներդրած ժամանակակից սարքերուն շնորհիւ, յաւելեալ բժշկական ծառայութիւններ մատուցելը կարելի պիտի ըլլայ, ներառեալ՝ տարրալուծարանի հետազօտութիւններ։
«Այս ծրագիրին իրականացումը շատ կարեւոր է Արցախի շրջաններու ու յատկապէս հեռաւոր համայնքներու բնակչութեան համար։ Հիմա, երբ շրջափակման պատճառով առաւել բարդացած է վառելիք ձեռք բերելու հարցը եւ Ստեփանակերտ հասնիլը աւելի դժուարացած է, այսպիսի խմբակի մը գործարկումը շատ լուրջ ընկերային հարցեր կը լուծէ։ Ինքնաշարժը յագեցած է որակեալ սարքերով եւ ի վիճակի է բարձրորակ ծառայութիւններ մատուցելու։ Մենք երախտապարտ ենք թէ՛ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, թէ՛ մեր գործընկերներ՝ «Հենար» հիմնադրամին եւ Sante Armenie-ին՝ այս նախաձեռնութեան իրականացման եւ Արցախի բնակիչներու կողքին գտնուելնուն համար», ըսաւ «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան ընկերային ծրագիրներու ղեկավար Արմէն Մանգասարեան։
«Համոզուած ենք, որ այս ծրագիրին շնորհիւ Արցախի մեր հայրենակիցները կը ստանան առաւել որակեալ բժշկական օգնութիւն, որուն շնորհիւ զգալիօրէն կը բարելաւուի վերջիններուս կեանքի որակը», ըսաւ «Հենար»ի գործադիր տնօրէն Ելենա Աբովեան։
«Նախագիծի նպատակն է՝ ծանր պայմաններու մէջ ապրող խոցելի բնակչութեան հասցնել վերապատրաստուած բժիշկի մը կողմէ ճիշդ բուժումի հնարաւորութիւն», յայտնեց Sante Armenie նախաձեռնութեան անդամ բժիշկ Տաթեւիկ Բազինեան։
Ծրագիրի իրականացման առաջին տարուան ընթացքին կը նախատեսուի շարժական խմբակները ամբողջութեամբ ներառել Արցախի առողջապահական համակարգին մէջ եւ նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ շարունակել խմբակներուն գործունէութիւնը։
«Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութիւնը կը ձեռնարկէ եւ կ՛իրագործէ Արցախի եւ Սիւնիքի զարգացման նախագիծեր՝ համագործակցելով Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ տեղական, միջազգային եւ մասնաւոր այլ կազմակերպութիւններու հետ։
Նշենք, որ գործակալութիւնը հիմնադրած են Ռուբէն Վարդանեան եւ անոր գործընկերները։