ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ

ԱՄՄԱՆ, «Ճորտըն Թայմզ».- Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան հարցին արձագանգները կը շարունակուին։
Արդարեւ, Յորդանան եւ Պաղեստինեան իշխանութիւնները 11 Մայիսին յայտարարեցին, որ կը սառեցնեն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի ճանաչումը, նշեալ կալուածին գծով անոր որդեգրած որոշումներուն համար, «որոնք կրնան ազդել քաղաքի ապագային վրայ»։
Յիշեցնենք, որ վերջերս Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ կարգալոյծ հռչակուեցաւ վերոյիշեալ կալուածին շուրջ համաձայնութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան, որ նախապէս կալուածոց տեսուչի պաշտօնը կը վարէր։ Նշուած էր, որ որոշումը կապ ունի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի համաձայնագիրին վերաբերեալ անոր «շարք մը խարդախութիւններուն եւ խաբեբայութիւններուն» հետ։
Այս գծով Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը 12 Մայիսին տարածեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «12 Մայիս 2023ին, հրատապ հրաւիրուած Տնօրէն ժողովը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց 11 Մայիսին ընկերային կայքերու միջոցաւ շրջանառութեան մէջ դրուած, ապա շարք մը յորդանանեան եւ պաղեստինեան օրաթերթերու մէջ լոյս տեսած այն լուրին առնչութեամբ, ըստ որուն, Յորդանանի Հաշիմական թագաւորութիւնը եւ Պաղեստինեան կառավարութիւնը որոշած են սառեցնել Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի պատրիարքական ճանաչումը։ Առաւել զարմանալին եւ մտահոգիչը այն է, որ այս լուրը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Կովերու պարտէզի» խնդրի հիմնական պատասխանատու կալուածոց տեսուչ նախկին Պարետ Ծ. վարդապետ Երէցեանը պաշտօնէն հեռացնելէ եւ Տնօրէն ժողովին կողմէ զայն կարգալոյծ հռչակելու եւ վանքէն արտաքսելու որոշումէն ետք։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը եւ Տնօրէն ժողովը իրենց կարելին կ՛ընեն անվտանգ պահելու Հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքի շահերը»։