1էն 10 Յունիս 2007ին Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Լիւմինաթօ» շարժապատկերի փառատօնը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան թորոնթոցի արուեստագէտներու գործեր, քաղաքի տարբեր վայրերուն մէջ:
Այս ծիրէն ներս յատկանշական էր Տիսթիլլըրի Տիսթրիքթի մէջ ներկայացուած երկու ֆիլմ՝ հայազգի Աթոմ Էկոյեանի «Օրորա» եւ թուրք բեմադրիչ Քութլուկ Աթամանի «Թեսթըմոնի» ստեղծագործութիւնները:
Պատկերացուցէք մութ սենեակի մը մէջ եօթը հսկայական պաստառներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ տարբեր մշակոյթէ կին մը: Եօթը անձնաւորութիւնները միասնաբար կը պատմեն Արշալոյս (Aurora) Մարտիկանեանի Ցեղասպանութեան ընթացքին ապրած փորձառութիւնը՝ հիմնուած Անթոնի Սլայտի «Ravished Armenia and the story of Aurora Mardiganian»ի գիրքին վրայ: 1919ին այս նիւթով պատրաստուած է շարժապատկեր մը, որ իր ժամանակին հետաքրքրութիւն ստեղծեց հանրութեան մօտ: Ժապաւէնին մէջ Օրորա Մարտիկանեան անձամբ ստանձնած է գլխաւոր հերոսուհիի դերը: Ժապաւէնը այսօր Հոլիվուտի արխիւներուն մէջ կորսուած կը նկատուի:
Օրորա Մարտիկանեան կը խուսափէր հանրութեան՝ իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւններու դրսեւորումէն: Այս իրականութեան վրայ հիմնուելով, Էկոյեան եօթը պաստառներ օգտագործելով ներկայացուց եօթը տարբեր մշակոյթներու պատկանող կիներու տիպարներ, թերեւս նաեւ շեշտելու համար, որ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը միայն հայ կնոջ դէմ գործուած ոճիր մը չէ, այլ անիկա կը վերաբերի նաեւ աշխարհի բոլոր կիներուն:
Նոյնքան հետաքրքրութիւն ստեղծեց նաեւ թուրք արուեստագէտ Քութլուկ Աթամանի «Թեսթըմոնի» (վկայութիւն) տեսաերիզը, որ կը վերաբերէր Աթամանի մանկութեան հայ խնամատար Քեւսէր Ապլայի ապրած հոգեկան շփոթին, երբ ան կը փորձէր յիշել իր հայկական անցեալը եւ ըմբռնել իբրեւ թուրք ապրած իր կեանքը:
Երկու գործերն ալ կը վերաբերէին հայ կնոջ կրած տառապանքին՝ Մեծ Եղեռնի օրերուն եւ անոր ի հետեւանք: Հայազգի եւ թուրք երկու բեմադրիչներու կողմէ ներկայացուած այս զոյգ գործերը տարբեր անկիւններէ կը ներկայացնէին հայկական ինքնութեան պահպանման նպատակով ստեղծուած հոգեկան բարդ իրավիճակը՝ հայ կնոջ կերպարին ընդմէջէն: