Շըրմըն Օքս.- «Մերտինեան» Հայ աւետարանական վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններուն վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 23, 2007ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ։
Վարժարանի հիմնադրութեան 25ամեակին նուիրուած շքեղ ձեռնարկներէն ետք, հասած էր հունձքի պահը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ նախակրթարանի 22 եւ միջնակարգի 14 աւարտականներու մուտքով։ Պետական եւ ազգային քայլերգներու կատարողութենէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւ՝ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան կատարեց բացման աղօթքը։ Ապա, նախակրթարանի շրջանաւարտները արտասանեցին Առակաց Գիրքէն հատուած մը։ Թաթիանա Աբօշեան կարդաց հայերէն լեզուով ուղերձը եւ Արեգ Տէմիրճեանը՝ անգլերէն լեզուով։
Պրն. Րաֆֆի Ղազարեան եւ պրն. Արմոնտ Ղարախանեան, զոյգ բաժիններուն դաստիարակները, բեմ հրաւիրեցին տնօրէնը՝ պրն. Յովսէփ Ինճէճիքեանը ու կատարեցին վկայականներու բաշխումը։
Հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Հրայր Աթիքեան, խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, Ծնողա-ուսուցչական մարմնին եւ բոլոր անոնց, որոնք վարժարանի վերելքին կը սատարեն զանազան ծառայութիւններով։ Իր պատգամն էր՝ «Քու անձիդ հանդէպ հաւատարիմ եղի՛ր։ Հաւատարիմ եղի՛ր ծնողքիդ, ազգիդ եւ Աստուծոյ հանդէպ, հետեւի՛ր մեր նախահայրերու շաւիղին, կառչի՛ր մեր դարաւոր հաւատքին»։
Միջնակարգի աւարտականներուն մանկութիւնն ու դպրոցական առօրեան ներկայացնող սահիկներու ցուցադրութիւն մը ներկաներուն ուրախութիւն եւ յուզում պատճառեց։ Բծախնդիր պատրաստութիւնը կատարած էր Առնօ Պապահէքեան։
Աշակերտական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Վիքթորիա Աբրահամեան Էլիասիի, ելոյթ ունեցաւ ժողովրդական եւ հոգեւոր փունջ մը երգերով։ Ապա 8րդ կարգի շրջանաւարտները խմբովին արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» քերթուածը։
Օրուան պատգամաբերն էր քալիֆորնիահայ գաղութի յայտնի դէմքերէն դոկտ. Միհրան Աղպապեանը։ Ան պատուոյ նախագահն է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին, պատուոյ դասախօս՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի երկրաչափութեան բաժնին։ Միացեալ Նահանգներու Երկրաչափութեան ազգային ակադեմիայի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ է։ Բազմաթիւ այլ նուաճումներու շարքին, ստացած է «Մովսէս Խորենացի»ի շքանշանը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն եւ «Էլիս» Կղզիի պատուոյ շքանշանը։ Դոկտ. Աղպապեան նախ յարգանքով յիշեց «Մերտինեան» վարժարանի հիմնադիր-բարերար Մերտինեան քոյրերը, ինչպէս նաեւ տիկ. Ալիս Հայկի ներդրումը այդ աշխատանքին մէջ։ Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, ան ըսաւ. «Հիմա դուք աւարտելով, դէպի առաջ նոր քայլ մը պիտի առնէք։ Աշխարհի կացութիւնը վատ է։ Ո՞վ պիտի բարելաւէ զայն։ 1988ին, Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժէն ետք, աշխարհի բոլոր կողմերէն օգնութիւն հասաւ։ «Մերտինեան»ի աշակերտներն ալ մասնակցեցան։ Հիմա ի՞նչ կ’ակնկալուի ձեզմէ։ Կրնաք սկսիլ Աւետարանէն, Բարի Սամարացիին օրինակով։ Մի՛ կտրէք այն կապը, որ ձեզ կը կապէ ձեր ժառանգութեան, ընտանիքին եւ Աստուծոյ»։
Ապա տիկն. Լինա Արսլանեան հրաւիրեց Թանիա Ատամեանը եւ Սիլվա Սուրֆազեանը, որոնք հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով կարդացին իրենց ուղերձները։ Հրաւիրուեցաւ տնօրէնը, որ վկայականներու բաշխումը կատարէ։
Իր հուսկ բանքին մէջ պրն. Ինճէճիքեան շեշտեց, որ յաջողութիւնները չեն գար պատահաբար։ 25ամեայ յաջողութիւնները կը պարտինք Աստուծոյ, հոգաբարձութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն։ Երախտագիտութեամբ կը յիշենք Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութիւնը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը։ Ան հպարտութեամբ յայտնեց, որ «Մերտինեան»ի աւարտականները հայ եւ օտար վարժարաններու մէջ մեծ յաջողութիւններ կ’արձանագրեն։
Ծնողա-ուսուցչական կազմի ատենապետուհին՝ տիկ. Տի Չորլեան, 50,000 տոլարի չէք մը յանձնեց հոգաբարձութեան ատենապետին, դպրոցին կատարած ընդհանուր նպաստը հասցնելով 100,000 տոլարի։
Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, թելադրեց շրջանաւարտներուն ըլլալ Աստուծոյ խօսքին դեսպանները եւ ապա իր օրհնութեան աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը։
«Մերտինեան» Հայ աւետարանական վարժարանը 1982էն ի վեր կը ծառայէ քալիֆորնիահայ համայնքին, ջամբելով ոչ միայն ուսումնական բարձր մակարդակի գիտելիքներ, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն եւ քրիստոնէական կրթութիւն։ Աստուածավախ միջավայրի մէջ ջամբուած ազգային ու կրօնական ամուր հիմքերու վրայ խարսխուած դաստիարակութիւնը, մեր նորահաս սերունդին մէջ կը կերտէ առողջ նկարագիր ու հզօր ինքնութիւն։ Վարժարանը վարկաւորուած է Դպրոցներու եւ համալսարաններու արեւմտեան ընկերակցութեան կողմէ:
Վարժարանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ 818 907-8149։
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ