
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ․- Երեքշաբթի, Մայիս 16ին, Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Էնտի Արմէնեանի գրասենեակէն տեղեկացուցին, թէ նոյն օրուընէ սկսեալ գրասենեակը կը փակուի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումով եւ Արմէնեանին վերջին նշանակումին եռամեայ պաշտօնավարութեան աւարտով։
Գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ այսուհետեւ հիւպատոսական սպասարկութիւններու կարիքը ունեցող շրջանի Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է դիմեն Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստան հիւպատոսարանին։
Նշենք, որ Արմէնեան Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսի պաշտօնը ստանձնած էր 2015ին։