Կիրակի, Մայիս 28ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագի մատուցմամբ, Հանրապետական մաղթանքի կատարումով եւ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105ամեակը՝ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին։
Ս. պատարագի ընթացքին, կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ խումբ մը միաբան հայրեր Ս. խորան բարձրացան, ուր հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութեան կարգ։ Խորանին վրայ կանգնած միաբան հայրերն ու Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած ու հայցեցին Անոր օրհնութիւնն ու փրկութիւնը. խնդրեցին, որ Տէրը ամուր ու անսասան պահէ հայ ազգին Հանրապետութիւնը եւ իմաստութիւն տայ իշխանութեան պատասխանատուութիւն ունեցողներուն։ Հուսկ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգսեան պաշտօն՝ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն։
Ապա, Հայաստանի անկախութեան եւ վեհափառին անուանակոչութեան տօներուն առիթով կոկիկ յայտագիր մը տեղի ունեցաւ Վեհարանի դահլիճին մէջ, ուր հայրապետը նշեց, որ Մայիս 28ն սովորական տօն մը չէ, այլ կը խորհրդանշէ անկախութեան համար պայքարելու մեր ժողովուրդին վճռակամութիւնը, մինչեւ իսկ՝ արեան գնով։ Այս գիտակցութեամբ ու ոգիով պէտք է նշել Մայիս 28ի անկախութեան տօնը, շեշտեց հայրապետը։ Ան դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ հաւատարիմ մնաց Մայիս 28ի ոգիին ու տեսլականին՝ նոյնիսկ ամէնէն դժուար օրերուն։
Խօսելով հայրենիքի ներկայ իրավիճակին մասին, Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը անտարբեր ու լուռ չի կրնար մնալ։ Փաստօրէն լքուած են Արցախը՝ դարաւոր հողը հայրենեաց, եւ արցախցին։ Հայաստանի եւ մանաւանդ Հայաստանի իշխանութեան շրջանակներու մօտեցումներուն նկատմամբ լուռ չի կրնար մնալ մեր Ս. աթոռը, յատկապէս երբ կը խօսուի Ատրպէյճանի հողային պահանջներուն տեղի տալու եւ անոր հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին. «Արդեօք կը մտածե՞նք այս մօտեցման քանդիչ ու վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին։ Արցախը լքուած է եւ Հայաստանը կոչ կ՛ուղղէ Արցախին եւ Ատրպէյճանին բանակցելու իրարու հետ։ Նման կրաւորական եւ անտարբեր մօտեցում Հայաստանի կողմէ պիտի վտանգէ Արցախի ինքնիշխանութիւնը եւ նոյնիսկ՝ Արցախի գոյութիւնը», ըսաւ Հայրապետը։
Վեհափառը նաեւ մերժեց շրջանառութեան մէջ մտած վերջին բանաձեւումները, ուր կը խօսուի ազգային շահերու եւ պետական շահերու տարբերութեան եւ այդ տարբերութեան ընդունման մասին։ Ան կտրականապէս մերժեց այս ու զայն համարեց քաղաքական հերետիկոսութիւն՝ ընդգծելով Աստուածաշունչի պատգամը, թէ անկախութիւնը, ազատութիւնը աստուածատուր պարգեւ է եւ որեւէ ազգ ու անհատ իրաւունք չունի բռնաբարելու ու անտեսելու զայն։ «Արցախի մեր ժողովուրդը 32 տարի առաջ զանազան առիթներով իր ինքնիշխանութիւնը որոշած ու հաստատած է եւ միշտ իր կեցուածքին վրայ ամուր կը մնայ։ Հետեւաբար այսօր մենք պէտք է անդրադառնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ազգային շահեր ու պետական շահեր իրարմէ անջատելը։ Նման մօտեցում խոտոր կը համարուի մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ ինքնահասկացողութեան», յայտնեց ան։
Հայրապետը անգամ մը եւս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախին, անոր ժողովուրդին ու պայքարին։
Տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ Հայրապետական մաղթերգներով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով։