Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 6 Յունիսին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալի պաշտօնակատար Տերեկ Հոքանի հետ հեռաձայնով քննարկեց տարածաշրջանային ապահովութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցեր:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` 12 Յունիսին Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուող քննարկումներուն ընդառաջ, անոնք անդրադարձան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի առանցքային հարցերուն, որոնց կարգին՝ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան երաշխաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցերու պատշաճ հասցէագրման հարցերը:
Միրզոյեան ընդգծեց սահմանազատման գործընթացին մէջ հնարաւոր առաւելագոյն յստակութեան ապահովման, մասնաւորապէս, 1975ի քարտէսին շուրջ յանձնառութեան կարեւորութիւնը:
Միրզոյեան ամերիկացի պաշտօնեային ուշադրութեան անգամ մը եւս յանձնեց բանակցային գործընթացին զուգահեռ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հնչող յարձակողական հռետորաբանութիւնը՝ շեշտելով ուժի կիրարկման սպառնալիքի բացառման եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգման անհրաժեշտութիւնը: