Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, hովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, հսկողութեամբ Օշական արք. Չոլոյեանի, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային Խառն ժողովին, մեծ աստուածաբան, անկրկնելի շարականագիր, հոգեւորական եւ ազգային ղեկավար, միջեկեղեցական երկխօսութեան ռահվիրայ, միջկրօնական գործակցութեան ահեղ անհատականութիւն եւ առաքելատիպ հովուապետ Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850ամեակին առիթով, առաջնորդ սրբազանը Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ եւ հռչակաւոր թենոր Պերճ Քիրազեանին վստահեցաւ Հայ Առաքելական Մայր Ս. եկեղեցւոյ շարականներու ձայնագրութեան ամբողջական տարբերակը իրականացնելու գործը, որ շատ հաւանաբար մասնագիտական իր կերպով՝ միաձայն եւ ամբողջ, պիտի ըլլայ առաջինը եւ այնքան եզակի իր տեսակին մէջ՝ հետապնդելով հետեւեալ նպատակները.
Ա. Հայոց շարականներու գանձարանը հասանելի դարձնել հայ եւ օտար հանրութիւններու:
Բ. Հայ եկեղեցւոյ շարականամատուցման արուեստին մէջ՝ յաւերժացնել անթիլիասական երգեցողութիւնը եւ աւանդը:
Գ. Արդի միջոցներու օգտագործումով (համացանց, խտասալիկ, app…) շարականները մատչելի դարձնել ժողովուրդի բոլոր խաւերուն եւ ուղեցոյց՝ հայ հոգեւորականաց ու դպրաց դասերու:
Դ. Հայ հոգեւոր երաժշտութեան զենիթ՝ Ներսէս Շնորհալի Շարականագիրի վախճանման 850ամեակը նշել արուեստագէտ հոգեւորականին մատուցելով արժանին՝ նոր ժամանակներու ոգիի՛ն իսկ պատշաճ արուեստով անմահացնելով նաեւ անոր վաստակը եւ բարձրանուն դիրքը, հայ հոգեւոր երաժշտութեան պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Առ այս, առաջնորդ սրբազանը բարձր կը գնահատէ Ազգային առաջնորդարանի ընտանիքի անդամ թենոր Պերճ Քիրազեանը, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի կեանքին մէջ վերջին տարիներուն դարձած է տիրական ներկայութիւն՝ իբրեւ առաջնորդին կազմակերպած մշակութային ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու գեղարուեստական ղեկավար:
Խօսելով այս մասին՝ սրբազանը ըսաւ. «Քիրազեան մեր կազմակերպած համերգներով, երաժշտական բարձրագոյն կրթութեամբ, մատուցման ոճով, ձայնային բացառիկ տուեալներով եւ ցուցաբերած քրիստոնէական ոգիով կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ շարականներու իւրայատուկ մեկնաբան երգիչն ու երաժիշտը, որուն ներդրումը այս աշխատանքին մէջ, վստահ ենք, որ պիտի գերազանցէ մեր ակնկալիքը»:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ