ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, 21 Մայիսին, Պըրպենք քաղաքի De Lux շքեղ սրահին մէջ, շատ ջերմ, սիրալիր եւ հայաբոյր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի 43րդ տարեդարձի շքեղաշուք հանդիսութիւնը:
Ներկայ էին վարժարանի հիմնադիրներէ, հոգաբարձուներէ, տնօրէններէ, անցեալի եւ ներկայի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներէ, շրջանաւարտներէ եւ անշուշտ անոնց հպարտ ծնողներէ բաղկացած բազմութիւն մը:
Այսօր, երբ մեծանուն միութիւններ եւ հաստատութիւններ, մեծ դժուարութեամբ հայ ամէնօրեայ վարժարան մը կը պահեն, իսկ երբեմն ճարահատ կը փակեն այդ դպրոցը, Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ այս փոքրաթիւ համայնքը 43 տարիներէ ի վեր պահած է եւ հպարտութեամբ կը շարունակէ պահել այս վարժարանը, 673 շրջանաւարտներ տալով մեր գաղութին:
Այո, 673 շրջանաւարտներ տուած է վարժարանը, իսկ նոյնքան թիւով աշակերտներ ալ, կրնանք ըսել, ինչ-ինչ պատճառներով չեն աւարտած այս դպրոցը, բայց անոնք իրենց հետ տարած են այս վարժարանի քրիստոնէական եւ ազգային ոգին, որ մեծ նպաստ մըն է հայակերտման եւ ազգապահպանման, ինչ որ սուրբ եւ պատուական գործ մըն է մեր ազգային կեանքին համար:

Շատ քիչ անգամ ներկայ եղած ենք այսքան հաճելի մթնոլորտի մը մէջ ձեռնարկի մը, այդքան լաւ կազմակերպուած եւ զարդարուած ակնահաճոյ սեղաններու շուրջ նստած, ուրախ եւ զուարթ հայրենակիցներու հետ, որոնք շատ մօտ եղած են այս դպրոցին:
Բացման գեղեցիկ խօսքով բարի գալուստ եւ ողջոյնի խօսք ուղղեց 43րդ տարեդարձի տօնակատարութեան յանձնախումբի ատենապետուհի Արլին Թիթանեան: Ան իր հրապարակախօսի տպաւորիչ ելոյթով ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց՝ սկսելով Հոգաբարձութեան մէջ գործող ազգայիններէն ու հասնելով մինչեւ աշակերտութեան, ծնողներուն եւ հարազատներուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք 43 տարիներ շարունակ այս դպրոցի պատասխանատուներուն կողքին եղած են իրենց նիւթական եւ բարոյական նպաստը բերած: Ապա ան հրաւիրեց Մկօ Մկրտիչեանը՝ վարելու համար այդ երեկոն:
Հանդիսավար Մկրտիչեան շատ գեղեցիկ ելոյթով մը խօսեցաւ վարժարանի 43 տարիներու աշխատանքին մասին, զայն նմանցնելով նուռի ծառատնկման աշխատանքին եւ անոր անուշահամ պտուղը վայելողներուն: «Այսօր մենք եկած ենք վայելելու այդ ծառի նուռերուն հատիկները», ըսաւ հանդիսավար Մկրտիչեան:
Ամերիկայի, Հայաստանի եւ դպրոցին օրհներգները եւ քայլերգները հոյակապօրէն կատարեցին դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներու երգչախումբը, ղեկավարութեամբ իրենց երգի ուսուցիչ Արտաշէս Սինանեանի, արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:
Ճաշի եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեցին Պօղոս քհնյ. Պալթայեան եւ պատուելի Վաչէ Էքմէքճեան:
Ընթրիքի սպասարկումէն ետք, ներկաներուն համար կարճ բայց շատ հաճելի անակնկալներով լեցուն իրապէս ճոխ յայտագիր մը գործադրուեցաւ. դպրոցի շրջանաւարտներէն Սերինա Փելենկեան (2013ի շրջանաւարտ), Ճորճ Տաղլեան եւ Քրիստինա Ակօճեան (2016ի շրջանաւարտներ) իրենց շատ ջերմ, երիտասարդական զգագումներով շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք նման քրիստոնէական եւ հայկական դպրոց մը հիմնած են եւ նշեցին, թէ որքան բախտաւոր են, որ այս դպրոցէն շրջանաւարտ եղած են: Անոնք մեծագոյն սիրոյ եւ գնահատանքի խօսքեր ըսին իրենց ծնողներուն, որ նման դպրոց մը ուղարկած են զիրենք, ապա իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին դպրոցի ժրաջան եւ շատ համակրելի երիտասարդ տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեանին, ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն:

Խոստովանինք, որ այս մէկը ձեռնարկին ամէնէն յուզիչ պահն էր. աշակերտ-աշակերտուհիները իրենց հոյակապ ելոյթներէն ետք արժանացան ջերմ ծափերու:
Այնուհետեւ երաժշտական կտորներ կատարուեցան երգի ուսուցիչ Արտաշէս Սինանեանի, տիկնոջ՝ Ժաննա Սինանեանի (դաշնակ) եւ դուստրը՝ Արփի Սինանեանի (ջութակ) մատուցումով:
Անոնք հայկական փունջ մը նուագներ կատարելով՝ արժանացան ներկաներուն յոտնկայս, երկարատեւ եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններուն:
Տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեանի փակման խօսքով վերջ գտաւ այս իրապէս շատ գեղեցիկ հանդիսութիւնը:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի բոլոր պատասխանատուները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմի անդամները, այս կրթական հոյակապ գործին համար, մաղթելով այս վարժարանին նոր ամեակներ:
Բոլորին վարձքը կատար: