Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի հետ:
Հանդիպումէն ետք Քոլոնա ընդգեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն համար Ֆրանսա յատուկ թեկնածու մը չունի` աւելցնելով, որ Փարիզի համար կարեւորը այն է, որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ մը ունենայ, յատկապէս տնտեսական այս դժուար պայմանները շրջանցելու համար:
Քոլոնա հաստատեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան նշանակուած է Լիբանանի հարցով յատուկ պատուիրակ, եւ կը նախատեսուի, որ ան քայլերու պիտի դիմէ՝ աշխուժացնելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
Իր կարգին, Պու Հապիպ անհրաժեշտ նկատեց, որ Ֆրանսա զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը պահանջող լիբանանեան տեսակէտին:
Նախագահական ընտրութեան առումով արձանագրուած զարգացումներու շրջագիծին մէջ, «Հաւատարմութիւն» դիմադրութեան երեսփոխանական խմբակը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ խմբակը պիտի մասնակցի 14 Յունիսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան նիստին եւ պիտի քուէարկէ ի նպաստ իր թեկնածուին` «Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի:
Իր կարգին, «Ժողովրդավարական» հանդիպում խմբակը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ կը զօրակցի նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան: