ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Միացեալ Նահանգներու «Հայ Դպրոց» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի կը հանդիսանայ իր գործունէութեան 20րդ տարին եւ այդ առիթով, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան գործունէութիւնը ընդարձակելու նպատակով, որոշուած է դրամահաւաք-արուեստի Ցուցահանդէս մը իրականացնել «Թիւֆէնքեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ խումբ մը հեղինակաւոր արուեստագէտներու։
Արուեստի ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ 22 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 6-9։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ նաեւ 23 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5։ «Թիւֆէնքեան» սրահին հասցէն է՝ 216 S. Louise St. Glendale, CA 91205։
2003էն ի վեր, շնորհիւ կազմակերպութեան նուիրատուներուն, «Հայ Դպրոց»ը օգնութեան հասած է Հայաստանի եւ Արցախի գիւղական շրջաններու տասնեակ հազարաւոր (26,000) աշակերտներու եւ հարիւրաւոր վարժարաններու, եւ որոնց շնորհիւ աշակերտները աւելի լաւ պայմաններու մէջ կրթութիւն կը ստանան։
Ձեռնարկին եւ «Հայ Դպրոց» հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել events@armeniaschoolfoundation.org հասցէին կամ այցելել կայքը: