ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Յունիս ամսուան վերջ կը գտնէ 2022-2023 դպրոցական տարեշրջանը: Մեր երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտ պիտի ըլլան հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ, որոնցմէ շատեր կը պատրաստուին իրենց համալսարանական ուսումը շարունակելու զանազան համալսարաններու մէջ: Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր շրջանաւարտները եւ կը յայտնենք մեր բարեմաղթութիւնները՝ ապագայ նուաճումներու ի խնդիր: Այս առթիւ երախտագիտութեամբ կ՛ուզենք յիշել հայ դպրոցին անզուգական դերը:
Ինչպէս հայ եկեղեցին, հայ տունը, հայ մամուլը եւ հայ կազմակերպութիւնները, նոյնպէս նաեւ հայ դպրոցը իր հզօր դերը ունի մեր հաւաքական եւ ազգային կեանքին մէջ: Հայ դպրոցը հայ մանուկին «երկրորդ տուն»ն է: Ան հայակրթութեան ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մին է, ուր կարելի է լաւագոյն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել նորահաս հայ սերունդներուն:
Հայ դպրոցը այն կրթարանն է, ուր հայ մանուկներ ո՛չ միայն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան, այլ նաեւ կը հաղորդուին Մեսրոպեան տառերուն հետ եւ կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ աղօթքներն ու երգերը:
Հայ դպրոցին հիմնական առաքելութիւններէն մէկն ալ դաստիարակչական գործի արդիւնաւորումն է: Այս իմաստով, հայ դպրոցը կոչուած է մանուկն ու պատանին գիտակ դարձնելու մտաւոր եւ բարոյական զարգացման եւ առօրեայ կեանքի պայքարին պատրաստուելու կարեւորութեան: Անտարակոյս, ընտիր նկարագրի կազմութիւն, պատասխանատուութեան զգացումի գիտակցութիւն ջամբել, տիպար քաղաքացիներ պատրաստել, գիտութիւն եւ ծանօթութիւն ուսուցանել՝ կարեւոր տարրերն են ընտիր դաստիարակութեան: Սակայն, ասոնց հետ եւ ասոնցմէ անբաժան, հայ դպրոցին կենսական նպատակներէն ու առաքելութիւններէն մէկն ալ հայեցի դաստիարակութիւնն է: Հայեցի դաստիարակութիւնը՝ հայ աշակերտին ջամբուած հայկականութիւնն է: Հայկականութիւն, որ ենթակային կը շնորհէ ժողովուրդի մը, իւրայատուկ հաւաքականութեան մը պատկանելու իրաւունքը, առանձնաշնորհը եւ պարտաւորութիւնը: Հայեցի դաստիարակութեան հիմը կը կայանայ հայերէնի ուսուցման եւ մայրենի լեզուով հայ ոգիի եւ ոգեկանութեան ջամբումին մէջ: Բայց, հայ դպրոցը առանձին անկարող է լման եւ համապարփակ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու: Անոր կողքին կան հետեւեալ երկու կարեւոր գործօնները.
1. ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ: Հայ դպրոցը իր յառաջապահ դերին մէջ պահելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ազգային խոր գիտակցութեամբ պատրաստուած ընտիր հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Դպրոցը հայակերտումի վարակիչ օճախ դարձնելու համար անհրաժեշտ է զօրացնել հայ ուսուցիչին դերակատարութիւնը, որովհետեւ հոգեւոր արժէքներու եւ հայկականութեան խոր ապրումի լաւագոյն եւ ամէնաազդու սերմնացանը հայ ուսուցիչն է: Առանց հայ ուսուցիչին՝ անդիմագիծ ուսումնարանի կը վերածուին մեր դպրոցները: Ընտիր եւ լիիրաւ հայ ուսուցիչը կը հաղորդէ, կը համոզէ եւ կը ստեղծագործէ: Ան ո՛չ միայն հաղորդիչ մըն է գիտելիքներու, գաղափարներու եւ հմտութեան, այլ նաեւ իտէալապաշտ գաղափարախօս մըն է:
Դժբախտաբար, հայ ուսուցիչին հանդէպ կարգ մը հայ մարդոց յարգանքն ու սէրը հետզհետէ կը տժգունի: Անոր կոչումին, նուիրումին եւ զոհողութիւններուն հանդէպ ցուցաբերուած այս վերաբերումը աններելի է: Անոր ընկերային ու նիւթական կենսամակարդակը բարձրացնելու մասին շատ քիչ մտածող կայ: Միւս կողմէ, սակայն, անոր ասպարէզային թերագնահատումը ընողներուն թիւը շատ է: Անշուշտ չենք կարծեր, որ ընկերային ու նիւթական խոստմնալից ասպարէզի մը հեռանկարը կրնայ ընտիր հայ ուսուցիչ պատրաստել, բայց կը հաւատանք, որ իր կոչումին բարձրութեան վրայ կանգնած հայ ուսուցիչը ենթարկուելու չէ նիւթական անձուկ պայմաններու:
Հայ ուսուցիչին դերը բախտորոշ է նորընձիւղ հայ սերունդները իրենց ինքնութեան տէր դարձնելու, հայաճանաչման ճամբով զանոնք անքակտելիօրէն կապուած պահելու հայ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ զանոնք խմորելու եւ կոփելու՝ նկարագրով, մտաւոր եւ բարոյական յատկանիշներով յանձնառու հայեր դարձնելու:
2. ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ: Հայ դպրոցը անկարող է ամբողջական հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել առանց անոր գլխաւոր նեցուկ եղող հայ ընտանիքին: Դաստիարակչական գործը կը սկսի ընտանեկան յարկէն: Ընտանիքը առաջին դպրոցը ըլլալով՝ կոչուած է մանուկը կրթելու, առաջնորդելու եւ կոփելու նուիրական աշխատանքին:
Ընտանեկան յարկը մեր գոյամարտի բերդ եղող՝ հայ դպրոցը պահող ամէնէն վճռական ազդակներէն մէկն է: Ի վերջոյ, եթէ հայու ոգին ծնողքէն չփոխանցուի զաւակին, դպրոցը ամէն բան չի կրնար ընել: Երախան իր ծնունդէն իսկ հայ մթնոլորտի մէջ մեծնալու է: Այդ մթնոլորտը կրնայ ստեղծուիլ եթէ ծնողք իրենք զիրենք կապուած զգան հայ կեանքին, առաւել կամ նուազ չափով իրենց մասնակցութիւնը բերեն հայկական, ազգային ձեռնարկներուն ու աշխատանքներուն, հայերէն գիրք ու թերթ կարդան, հայ բարեկամ ընտանիքներու հետ կապ պահեն եւ իրենց ամէնօրեայ ապրումներով ապացուցանեն իրենց հայ ըլլալու հպարտութիւնը: Ծնողաց կեանքի օրինակը ամէնէն ներշնչող եւ վարակիչ իրականութիւնն է, որ իր մնայուն եւ հզօր ազդեցութիւնը կրնայ ձգել մանուկներուն վրայ:
Հայ դպրոցին համար թափուած ամէնէն անձնուրաց ճիգերը եւ տրամադրուած ամէնէն առատ զոհողութիւնները ապարդիւն կրնան մնալ եթէ ծնողներ ամբողջական գործակցութիւն չընծայեն դպրոցը վարող մարմիններուն: Առանց հայաշունչ յարկի՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել կարելի չէ: Այս իրողութեան լոյսին ներքեւ՝ այն ինքնապարտադիր եզրակացութեան կը յանգինք, թէ նախ անհրաժեշտ է դաստիարակել հայ ծնողներէն շատեր, որպէսզի իրենց զաւակներուն չզլանան ու անոնցմէ չխլեն ա՜յն իրաւունքը՝ որ ամէն հայ անհատին առանձնաշնորհումն է եւ անոր իբրեւ հայ մեծնալու անկապտելի եւ դարէ դար փոխանցուած ժառանգական իրաւունքը:
Հայ դպրոցը այն նուիրական հաստատութիւնն է, որուն մթնոլորտին մէջ շնչող հայ աշակերտներ՝ իրենց ազգային դիմագիծին ու ժառանգութեան գիտակից ճանաչումն ու հպարտութիւնը կ՛ունենան:
Արդ, ամէն գիտակից հայու պարտականութիւնն է հայ դպրոցը պահելու իր յառաջապահ դերին մէջ, իսկ այդ յառաջապահութիւնը կը կարօտի տնտեսական եւ բարոյական անվերապահ զոհողութիւններու: Յատկապէս՝ հանրային ղեկավարութեան կոչուած մարմիններ, կազմակերպութիւններ, կրթական գործի վերակացուներ եւ հոգաբարձութիւններ իրենց առաջնահերթ պարտականութիւնը սեպելու են հայ դպրոցը՝ հայ մշակոյթի ինքնութեան եւ պահպանման միջնաբերդը դարձնելը: