Ատրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամով եւ Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննեցին երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող շարք մը հարցերու լուծման ուղիները, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ կողմերը համաձայնած են շարունակել այս ուղղութեամբ երկու երկիրներու համապատասխան կառոյցներու փոխադարձ հաղորդակցութիւնները: