Ազգային վարժարանները 2022-23 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, շրջանաւարտներու մեծ փաղանգ մը ներկայացուցին Քալիֆորնիոյ մեր գաղութին: Վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին, բոլորս տօնական պահեր կ՛ապրինք՝ ի տես ազգային վարժարաններու աւարտական հանդէսներուն:
Մանկապարտէզներէն մինչեւ 12րդ կարգերու աշակերտներու աւարտական հանդէսները թարմ յոյս կը ներշնչեն բոլոր անոնց, որոնք ազգային վարժարաններու շուրջ հաւաքուած՝ հաւատքով կը գործեն՝ յանուն աշակերտութեան եւ հայ սերունդին:
Ազգային վարժարաններու հանդէսները կը վայելէին հովանաւորութիւնը թեմիս առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, որ իր ներկայութեամբ եւ հայրական պատգամներով խանդավառեց շրջանաւարտները եւ ներկաները: Ամավերջի հանդէսներուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչները եւ իրենց պատգամը փոխանցեցին աշակերտութեան:
Շրջանաւարտ աշակերտները այսպէս բոլորեցին ո՛չ միայն կրթական տարեշրջան մը, այլ ուսումնական կարեւոր հանգրուանի մը ընթացքը: Անոնք յաջողութեամբ պսակեցին ուսումնական-կրթական տեղական եւ հայկական ծրագիրներու պայմանները անցընելու կրթական նոր հանգրուան մը, ուր նոր երազներու եւ յոյսերու դռները թակելով՝ քայլ առ քայլ պիտի ուղղուին դէպի իրենց ապագան:
Ազգային վարժարանը Քալիֆորնիոյ կրթական համակարգին համապատասխան ուսում եւ կրթութիւն կը ջամբէ մեր աշակերտութեան: Անոր զուգահեռ կը կերտէ եւ կը դաստիարակէ հայ անհատը ու մարդը, որ ան դառնայ պիտանի մէկ մասնիկը մեր ազգային կեանքին եւ հաւաքականութեան ու անշուշտ՝ կրթուած եւ դաստիարակուած անդամը համայն մարդկութեան:
Այս տարի, մեր վարժարանները 873 շրջանաւարտներ ունէին: Անոնցմէ 165ը աւարտեցին ազգային վարժարաններուն մէջ աշակերտական իրենց կեանքը, իսկ մնացեալը պարզապէս ընթացաւարտներ են, որոնք տակաւին կը մնան եւ կը դաստիարակուին ազգային վարժարաններու տաքուկ եւ խստապահանջ հայ յարկին տակ:
Տեղին է յիշել, որ ազգային վարժարանները իրենց թուական պատկերով մրցանակային չափանիշեր արձանագրած էին անցնող կրթական տարեշրջանին: Իսկ 12րդ կարգերու աշակերտութեան ստուար մեծամասնութիւնը ընդունուած է Միացեալ Նահանգներու ամէնէն մրցունակ համալսարանները: Այս մէկը ինքնին լաւագոյն փաստերէն մէկը կը համարուի մեր վարժարաններու կրթական բարձր որակին: Այս ըսելով՝ երբեք չենք յաւակնիր յայտարարել, թէ կատարեալին հասած ենք, այլ կը հաւատանք եւ կը հետեւինք մեր վարժարաններուն այն սկզբունքով, որ միշտ կարելի է ու հարկաւոր՝ յառաջանալ եւ նոր բարձունքներ նուաճել: Յատկապէս կրթական ոլորտը երբեք դադար եւ սահման չճանչցող բնագաւառ մըն է: Իսկ Սփիւռքի մէջ, ազգային կրթական հաստատութիւն պահելը՝ ամրակուռ պահելը, հրաշքի համազօր իրականութիւնը մըն է, որուն գնահատականը կը վերաբերի առաջին հերթին մեր գաղութին եւ հնարամիտ ղեկավարութեան:
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ բոլոր շրջանաւարտ աշակերտները, մանաւանդ 12րդ կարգերու աշակերտները, որոնք Ազգային վարժարանի դրոշմը կրած՝ ճակատաբաց դուրս կու գան մեր վարժարաններէն, իրականացնելու համար իրենց վրայ դրուած մարդկային եւ ազգային մեծ յոյսերը:
Բարի երթ մանկամսուրի, մանկապարտէզի, 5րդ, 6րդ եւ 8րդ կարգերու մեր բոլոր շրջանաւարտներուն: Իսկ 12րդ կարգի մեր երիտասարդ շրջանաւարտներուն՝ փայլուն ապագայ եւ համալսարանական կաճառներու մէջ յաջողութիւններով լեցուն ուսանողական հաճելի եւ պատուաբեր տարիներ:
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք բոլոր ծնողները իրենց զաւակներուն յաջողութեան համար: Վարձքը կատա՛ր բոլոր ուսուցիչներուն, դաստիարակներուն, տնօրէններուն եւ պաշտօնէութիւններուն, որոնք մասնագիտական բծախնդրութեամբ եւ ծնողական ներողամտութեամբ-խստապահանջութեամբ կրթեցին հայ խոստմնալից սերունդ մը եւս:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ